ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ՌՈՒՍԻՈՅ ՋԱՆՔԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՕՊԱՄԱ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԼԱՒՐՈՎԻՆ
Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին այլ հարցերու կողքին քննարկուած է նաեւ ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթը:
Օպամա Լաւրովին շնորհակալութիւն յայտնած է` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղղութեամբ գործադրուած Ռուսիոյ ջանքերուն համար: Ան յատուկ կերպով ընդգծած է Միացեալ Նահանգներու պարտաւորութիւնը շրջագծային համաձայնագիրին մէջ որոշակի ձեռքբերումներու հարցին մէջ:
CATEGORIES Հայկական


