ԲԱՆԱՎԷՃ` ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈՆԿՐԵՍ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ

Հայ ազգային քոնկրեսի անդամ, Հայաստանի Ժողովրդական կուսակցութեան վարչութեան քարտուղար Ֆելիքս Խաչատրեան, նախանցեալ օր Բարգաւաճ Հայաստան խմբակցութեան անդամ Վարդան Բոստանջեանի հետ բանավէճին ընթացքին յայտարարեց, որ Հայ ազգային քոնկրեսը յանձնախումբ չէ ստեղծած տարբեր հարցեր քննարկելու համար, ստեղծած է յանձնախումբ միայն մէկ խնդիրի շուրջ բանակցելու նպատակով` արտակարգ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացում: Ան աւելցուց, որ այս երկրին մէջ իշխանութիւնները ապօրինի են, ընտրուած են բարբարոսական կեղծիքով եւ այդ պատճառով տեղի չունենար իշխանութիւն-ժողովուրդ կապը:

Իսկ Բոստանջեան նշեց, որ չափազանց դժուար կը պատկերացնէ այդ հարցին քննարկումը. «Արտակարգ ընտրութիւններու կայացման դասական վիճակներ կան. ձեզի ո՞վ կը խանգարէ արտակարգ ընտրութիւններ կատարել: Բայց դուք եկած էք, կը պահանջէք, որ իշխանութիւնը այդ պահանջը ընդունի, ատիկա շատ յուզումնալից է, բայց…»:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ համաձայնական կառավարութեան պատուիրակութիւնը ի՛նչ օրակարգով հանդէս պիտի գայ, Բոստանջեան նշեց, որ իրենք ինքնուս ստեղծագործողներ չեն, համաձայնական կառավարութեան անդամներ են` պիտի նստին, պիտի քննարկեն, թէ ինչ հարցեր պէտք է ներառել օրակարգին մէջ: Ըստ անոր, կնճռոտ հարցերէն էն, օրինակ արտագաղթը, շրջաններու անհամաչափ զարգացումը եւ այլն:

Ինչ կը վերաբերի արտակարգ ընտրութիւններու պահանջին, Բոստանջեան ընդգծեց, որ իրենք այդ հարցը պիտի տեղափոխեն համապատասխան որոշումներ կայացնողներու դաշտ` ըլլայ անիկա իշխանութեան համապատասխան թեւը, թէ նոյնիսկ հանրապետութեան նախագահին մակարդակը:

«Եթէ դուք կը մտածէք, որ մենք կ՛որոշենք, ապա կ՛ըսեմ, որ մենք պետական կառոյցներ չենք, որ կարենանք որոշումներ կայացնել: Աշխատանքային խումբերը չեն ստեղծուած որոշումներ տալու համար, այլ բանակցութիւններու միջոցով խոցելի խնդիրները հասկնալու եւ հիմնաւորելու համար: Իսկ եթէ մեզմէ աւելի կարող մարդիկ ընդունին մեր հիմնաւորումները, պիտի վարուին համապատասխան ձեւով: Իսկ եթէ հիմա առաջ նետուած ըսեմ, որ գիտէք, մենք ձեզի շատ կը յարգենք, արտակարգ ընտրութիւններ ընենք, դուք ձեր վրայ պիտի ծիծաղիք, չէ՞», ըսաւ Բոստանջեան:

Ֆելիքս Խաչատրեան եւս համաձայնեցաւ, որ իրենք որոշումներ տուողներ չեն, բայց նշեց, որ կապը ղեկավարութեան հետ պէտք է ըլլայ այնքան գործնական, որ տեղւոյն վրայ հարցերը լուծուին եւ անոնց ընթացք տրուի: «Եթէ այսպէս շարունակուի, ընտրութիւնները պիտի անցնին, միւս ընտրութիւններն ալ պիտի անցնին, իսկ մենք տակաւին կ՛ուզենք արտակարգ ընտրութիւններ», նկատել տուաւ ան:

Բանախօսները չնշեցին, թէ ե՛րբ տեղի պիտի ունենայ պատուիրակութիւններու առաջին հանդիպումը:

Ան նշեց, որ առաջին հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ տասնօրեակին:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES