ԵԱՀԿ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ ՊԷՏՔ Է ՃԱՆՉՆԱՆ ԱՅԼ ՁԵՒԱՉԱՓՈՎ` ԱՌԱՆՑ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ

«Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի կարգաւորման այսօրուայ չափը կախման մէջ է դնում Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը Ազրպէյճանի համաձայնութիւնից», երէկ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարեց ազրպէյճանահայ գաղթականներու համագումարի իրաւական խորհրդատու Անդրէաս Ղուկասեան` աւելցնելով, յայտնի է` Ազրպէյճանը երբեք պիտի չճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը:

Ըստ Ղուկասեանի` Մինսքի խումբը կարգաւորման միակ չափը չէ: «Ղարաբաղի իրաւական կարգավիճակի հարցը մարդու իրաւունքներին վերաբերող հարց է, եւ ԵԱՀԿ պետութիւններն ունեն հաւաքական պարտաւորութիւն այդ իրաւունքները յարգելու համար, այսինքն` Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը կարող է ճանաչուել առանց Ազրպէյճանի համաձայնութեան` մէկ այլ չափի մէջ», ըսաւ համագումարի իրաւական խորհրդատուն: Ըստ անոր` միջազգային իրաւունքը առնուազն վեց տարբեր չափեր կը նախատեսէ նման հակամարտութիւնները կարգաւորելու համար:

Անդրէաս Ղուկասեան ունի այն համոզմունքը, որ խնդիրի կարգաւորման համար պէտք է ուղիղ բանակցութիւններ վարեն Հայաստանն ու Ազրպէյճանը միայն իրենց վերաբերող հարցերը քննարկելու համար, իսկ յստակ Լեռնային Ղարաբաղին եւ Ազրպէյճանին վերաբերող հարցերը պէտք է ուղիղ քննարկեն երկու կողմերը: Ղուկասեանի խօսքով` Լեռնային Ղարաբաղ պէտք է հանդէս գայ իբրեւ առանձին կողմ, ինքը կազմէ խումբեր, իրեն հետաքրքրող հարցերուն համար դիմէ համապատասխան մարմիններու:

 

 

Share this Article
CATEGORIES