ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ՄԱԿ-Ի ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՆԴԱՄԱԿՑԵԼՈՒ ՀԱՐՑԻՆ ՄԷՋ ՌՈՒՍԻՈՅ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ Կ՛ԱԿՆԿԱԼԷ
Ազրպէյճան կը ձգտի 2012-2013-ին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ոչ մնայուն անդամ ընտրուելու:
Ազրպէյճանական «Զերքալօ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով ըսած է, որ Պաքու այդ հարցին մէջ Ռուսիոյ զօրակցութիւնը կ՛ակնկալէ: Ան յայտնած է, որ անդամակցութեան կարելիութիւնը արդէն քննարկած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:
Ազրպէյճանցի վերլուծաբան Ֆիքրեթ Սատիխով իր կարգին յայտնած է, որ Ազրպէյճան այդպիսով պիտի կարենայ աւելի դիւրին կերպով Լեռնային Ղարաբաղի հարցը ներկայացնել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն:
CATEGORIES Հայկական