Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ուշադիր եղէք, աճապարանքով մի՛ աշխատիք, կրնաք մոռնալ կարգ մը կարեւոր հարցեր: Հանդարտութեամբ կեդրոնացէք ձեր աշխատանքին վրայ:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Մտիկ ըրէք շուրջիններուն խօսքերը, առանց միջամտելու: Գաղտնի խօսքերը պահեցէք ձեր ականջին ետեւը: Լսողաց եղէք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ունիք անյետաձգելի գործեր, եթէ կարիք ունիք կարծիք առնելու, դիմեցէք փորձառու անձերու: Ինքնագլուխ մի՛ գործէք նոյնիսկ պարզ բաներու պարագային:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ունիք գիտական առաւելութիւններ եւ ընդունակութիւն: Եթէ կան ձեզ շահագործել ուզողներ, հեռու մնացէք այդպիսիներէ: Աչալուրջ եղէք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եթէ կը կարծէք, թէ ձեր ստանձնած աշխատանքը ձեր կարողութենէն վեր է, մի՛ յետաձգէք ձեր որոշումը: Ունիք կարողութիւնը յաջողելու:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր ծրագիրը կրնայ կարգ մը դժուարութիւններ ստեղծել, այսուհանդերձ մի ընկրկիք: Ձեր նպատակը բարի ըլլալով անպայման պիտի յաջողիք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ինքնավստահութիւնը օգտակար առաւելութիւն մըն է, բայց այսօր քիչ մը իմաստութիւն ունեցէք հապճեպ պատասխան չտալու նիւթական խնդրի մը մասին: Օրը կ՛օգնէ ձեր շարժումներուն:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Երջանկութիւնը մեծ իրագործումներու մէջ մի՛ փնտռէք, նոյնիսկ աննշան կարծուած հարցեր երջանկութիւն կը ներշնչեն: Քիչով գոհացէք, շատը կ՛ունենաք անպայման:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Գեղեցկութիւնը դիմագիծերէն շուտ կը նահանջէ, ուժ տուէք հոգեկան գեղեցկութիւններու, կը հարստանաք երջանկութեամբ եւ բարոյապէս:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Արագ կարծիք մի տաք ձեզի ուղղուած հարցումին առնչութեամբ կամ ուրիշի մը մասին: Եթէ քննարկելի հարց մը ներկայանայ, լսեցէք երկու կողմերը:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Օդի փոփոխութեան, կլիմայական վիճակներու կարեւորութիւն տուէք, որպէսզի ցուրտ կամ տաք փոփոխութիւններէ չազդուիք: Զգուշացէք ելեկտրական զովութենէ:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Վերջերս դանդաղեցուցած էք ձեր աշխատանքին կշռոյթը: Այս օրերուն ծուլութեամբ տարուիլը նպաստաւոր չէ: Մնացէք ձեր բնական խանդավառութեամբ, կ՛օգտուիք:

Share this Article
CATEGORIES