50 Տարի Առաջ (2 Սեպտեմբեր 1964)

Քազանի Հակաթուրք Ժապաւէնը
Ամերիքա, Ամերիքա
Եւ Թուրքերը 

Միւճիւր Օֆլուօղլու «Տիւնիա» թերթին մէջ կ՛անդրադառնայ Էլիա  Քազանի հակաթուրք «Ամերիքա, Ամերիքա» անուն ժապաւէնին եւ ի մէջ այլոց կը գրէ.-

«Ժապաւէնին մէջ մազը մօրուքը իրարու խառնուած թուրքերը քրիստոնեայ տուները (մասնաւորաբար հայոց տուները) մտնելով` կը սպաննեն առանց մանուկի եւ կնոջ միջեւ խտիր դնելու: Ժապաւէնը էզանով կը սկսի: Ամէն յարձակումէ ետք էզան կը կարդացուի եւ քրիստոնեաները լոյսերը մարած, մութ տուներու մէջ, քիթ քիթի հաւաքուելով` կ՛աղօթեն:

Ի՞նչ կ՛ըլլանք, այս ահաբեկչութիւնը ինչո՞ւ համար է, ի՞նչ պատճառով ըսելով` կը հետաքրքրուիք: Պատճառը պարզ է. հայկական խնդիրը եւ ջարդը կը ներկայացուի Քազանի հայեցակէտով եւ մանրամասն կը շահագործուի: Սթաւրօ պապա եւ Վարդան եղբայրը կը կարծեն որ այս վայրագութենէն ինչպէ՛ս պիտի փրկուին: Խնդիրը Սթաւրօ պապային մասնաւոր պատմութիւնը ըլլալէ դադրելով` հայկական խնդրի մը վիճակը կը ստանայ: Սթաւրօ իր շրջանին մէջ պատահած այս վայրագութեան դիմանալով` փրկութիւնը փախուստ տալու մէջ կը գտնէ: «Ամերիքա, Ամերիքա» ըսելով դառնացած օրերուն` աներեւակայելի յերիւրածոյ դէպքերը զիրար կը հալածեն»:

Յօդուածագիրը յայտնելէ ետք, թէ Փարիզի Մոնփառնասի Կոմոն փոքր սինեմային մէջ ներկայացուած այս ժապաւէնին հազիւ տասնեակ մը հոգի (*) ներկայ եղած են, կը շարունակէ (*)5 «Քեզի ի՞նչ հայկական խնդիրը, ո՜վ Էլիա Մեսիէօ: Թուրքերը կեցած տեղը ոչ ոքի քիթը արիւնած են: Միշտ եւ ամէն շրջանի մէջ ներսէն ու դուրսէն իրենց հայրենիքին աչք տնկողները «պաշտպանութեան ճամբուն վրայ» բնաջնջել ուզած են: Թուրք հայրենիքին մէջ հայերն ալ, յոյներն ալ, ամէն մարզի մէջ, իրենց ուզածին չափ աշխատած, հարստացած են, պետութեան բարձրագոյն աթոռները գրաւելով` յարգ շահած են: Ասիկա երէկ ալ այսպէս էր, այսօր ալ այսպէս է: Պատմութիւնը եւ փաստաթուղթերը կրնան լուսաբանել իրականութիւնը սուտ է ըսողներուն համար:

Էլիա Մեսիէօ իր ցնցուող կացութիւնը բարձրացնելու ճամբան գտեր է արդիական քրիստոնեայ աշխարհի «Խաչակրաց» Տոն Քիշոթը դառնալով: Բայց շատ յոռի ժապաւէն մը երեւան բերելով` ամէն կողմէ կրեց պարտութիւն մը, զոր պիտի չմոռնայ:

Հետաքրքրութեամբ կը սպասուի նաեւ, թէ վերջերս իր նախահայրերուն ապրած հողերը տեսնելու համար մեր երկիրը եկած գրագէտ Սարոյեան ալ ինչե՛ր պիտի գրէ արդեօք իր հայեցակէտով: Ինչպէս յայտնի է, Սարոյեան հայ է: Ընտանիքը Պիթլիսէն Ամերիկա գաղթեր  է: Բարեկամ մը ըսաւ, որ յոռի մտայնութեամբ եկեր է, բայց տեսած ջերմ շահագրգռութիւնը, թուրք մտաւորականներու ճանչցուած ըլլալը Թուրքիան շատ սիրցուցած են Սարոյեանին: Անմոռանալի յիշատակներով մեր երկրէն վերադարձեր է»: Մնաց որ Էլիա Մեսիէօ այս մարզին մէջ շատ հնարաւորութիւն չձգեց Սարոյեանին»:

(*) «Ամերիքա, Ամերիքա» ներկայացուած է երեք մեծ սրահներու մէջ, ուր տեւապէս պոչ բռնած է անհամար բազմութիւն մը: (ԽՄԲ.)

 

 

Share this Article
CATEGORIES