Նախագահ Սարգսեանի Այցելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղ Կը Շարունակուի

7832_bԼեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն տրուած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ երէկ այցելեց Ստեփանակերտի «Մետաքսկոմպինաթ» գործարան, ծանօթացաւ ընկերութեան ընթացիկ գործունէութեան եւ հետագայ ծրագիրներուն: Հայաստանի եւ Արցախի նախագահները նաեւ այցելեցին «Սարթիս» իտալական ընկերութեան հիմնադրած «Կրէյթ փարթնըրշիփ» ընկերութեան նորաբաց կարի գործարանը, ուր կը նախատեսուի հիմնել աւելի քան 450 աշխատատեղ:

Ապա նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Բակօ Սահակեան այցելեցին Մարտակերտի շրջանի Չափար գիւղ, ուր ներկայ  գտնուեցան գիւղի նորակառոյց դպրոցի բացման արարողութեան: Չափարի նախկին դպրոցը, որ 1990-ականներու սկիզբը պատերազմական գործողութիւններուն ընթացքին  զգալիօրէն վնասուած էր եւ կը գործէր մասնակի վերանորոգումէն ետք, այսօր արդէն փոխարինուած է նոր եւ բարեկարգ երկյարկանի դպրոցով, ուր բաղդատաբար անցեալ ուսումնական տարեշրջանին հետ աւելցած է նաեւ աշակերտներուն թիւը. 84 աշակերտի համար նախատեսուած ուսումնական այս հաստատութեան մէջ սեպտեմբերէն սկսեալ դպրոց կը յաճախէ 53 աշակերտ:

Հայաստանի եւ Արցախի նախագահները Չափարի մէջ նաեւ ծաղիկներ զետեղեցին եւ խոնարհեցան արցախեան ազատամարտին ընթացքին զոհուածներու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին առջեւ:

Հայկական երկու հանրապետութիւններուն նախագահները կիրակի օր այցելած են Մարտունիի շրջանի Թաղավարդ գիւղ եւ ծանօթացած ձէթի գործարանի աշխատանքներուն:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ներկայ գտնուեցաւ Շուշիի երկրաբանական թանգարանի բացման հանդիսութեան, իսկ երեկոյեան` Շուշիի ամրոցին մէջ տեղի ունեցած Աւետ Տէրտէրեանի «Կրակէ օղակ» օփերայի արցախեան առաջին ելոյթին, որ նուիրուած էր Արցախի անկախութեան օրուան եւ անուանի երաժիշտ Աւետ Տէրտէրեանի ծննդեան 85-ամեակին:

 

Share this Article
CATEGORIES