Մետվետեւ Հայաստան Պիտի Չայցելէ
Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ Հայաստան պիտի չայցելէ: Այս մասին «Երկիր»-ի հարցումին ի պատասխան յայտնեց վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան: Յայտնենք, որ վերջերս Յովիկ Աբրահամեան յայտարարած էր, թէ նախնական համաձայնութեամբ, Մետվետեւ 8-9 սեպտեմբերին Հայաստան պիտի այցելէ: «Համաձայնութիւն կար, որ վարչապետը այցելէ Հայաստան, բայց հիմա հարցը տեղափոխուած է նախագահներու դաշտ: Ինչպէս գիտէք, Նազարպայեւ յայտարարած է, որ 10 հոկտեմբերին նախագահները պիտի հաւաքուին Մինսքի մէջ», ըսաւ Յովիկ Աբրահամեան: Այն հարցումին, թէ Նազարպայեւ չէ բացառած, որ Ղազախստանը կրնայ դուրս գալ Եւրասիական տնտեսական միութենէն, Յովիկ Աբրահամեան չուզեց անդրադառնալ:
CATEGORIES Հայկական

