«Ալիեւի Գործողութիւնները Կրնան Պատերազմ Հրահրել» Ըսաւ Արամ Համբարեան

0901_HamparianԵթէ աշխարհ չկանգնեցնէ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, անոր գործողութիւնները կրնան պատերազմ հրահրել4 փոքր յարձակումները կրնան յանգեցնել մեծ տագնապի:

Այդ մասին NEWS.am-ի թղթակիցին յայտարարեց Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան` անդրադառնալով վերջին շրջանին շփման գիծին վրայ լարուածութեան սրումին եւ Ազրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուած ներթափանցման գործողութիւններու փորձերուն:

«Օրինակ, ԵԱՀԿ-ը առաջարկած է արձակազէնները դուրս բերել շփման գիծէն, ասիկա շատ լաւ գաղափար է: Մենք ո՛չ հայ, եւ ո՛չ ալ ազրպէյճանցի զինուորներուն մահը կը ցանկանք: Ուստի կ՛ողջունենք այդ միտքը: Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութիւնները յայտարարած են, որ պատրաստ են յաջորդ օրն իսկ դուրս բերել արձակազէնները. բնականաբար եթէ չըլլան արձակազէնները, քիչ կ՛ըլլան նաեւ զոհերը: Սակայն Ազրպէյճան չընդունեց այդ առաջարկը», նշեց Արամ Համբարեան: Ըստ անոր, Ալիեւ կը ցանկայ, որ իր գործողութիւնները ստուերի մէջ մնան:

Անդրադառնալով Ռուսիոյ նախագահի նախաձեռնութեամբ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու հանդիպման` ան ընդգծեց, որ լարուածութեան նուազեցման տեսակէտէն վստահ չէ այդ հանդիպման արդիւնաւէտութենէն: Իսկ ինչ կը վերաբերի ֆրանսական նախաձեռնութեամբ հոկտեմբերին Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք նախագահներու հանդիպման, Արամ Համբարեան ըսաւ, որ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ նստիլ եւ խօսիլը միշտ աւելի լաւ է, քան պատերազմը: «Եթէ կողմերը կը խօսին, ապա լուծման յոյս միշտ ալ կայ, իսկ պատերազմելու պարագային` յոյս չկայ», եզրափակեց Համբարեան:

Share this Article
CATEGORIES