Փութին Հրամայած Է Ստորագրել Հայաստանի` Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Միանալու Համաձայնութիւնը

Վլատիմիր Փութին

Վլատիմիր Փութին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հրամայած է ստորագրել Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալու մասին համաձայնագիրը: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Փութինի հրամանագիրը երէկ հրապարակուած է իրաւական տեղեկատուութեան պաշտօնական կայքին վրայ:

«Ընդունիլ 29 մայիս 2014-ի Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալու մասին համաձայնութեան ստորագրման վերաբերեալ Ռուսիոյ կառավարութեան առաջարկը», ըսուած է փաստաթուղթին մէջ:

Ռուսիոյ տնտեսական զարգացման նախարարութեան իրաւունք տրուած է համաձայնութեան ստորագրման շուրջ բանակցութիւններուն ընթացքին անոր նախագիծին մէջ մտցնել նախարարաց խորհուրդին կողմէ հաւանութեան արժանացած փոփոխութիւնները, որոնք սկզբունքային բնոյթ չունին:

«Նպատակայարմար կը նկատենք այս կարգադրութեամբ նախատեսուած համաձայնագիրը ստորագրել Եւրասիական բարձրագոյն տնտեսական խորհուրդի` պետութիւններու ղեկավարներու մակարդակով նիստին ընթացքին», կը նշուի փաստաթուղթին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES