Ազրպէյճանական Կողմը Կը Տեղեկացնէ Հայ Քաղաքացիի Մը Գերի Իյնալուն Մասին

Սարգիս Անանեան

Սարգիս Անանեան

Տաւուշի մարզի Նոյեմբերեան քաղաքի բնակիչ, 1961 թուականին  ծնած Սարգիս Նորիկ Անանեան  անցած է հայ-ազրպէյճանական սահմանը եւ յայտնուած  Ղազախ գիւղին մէջ: Այս մասին հաղորդագրութիւն, ինչպէս նաեւ Սարգիս Անանեանի լուսանկարը եւ տեսանիւթ մը հրապարակած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Ազրպէյճանական կողմը կը պնդէ, որ Սարգիս Անանեան  հայ-ազրպէյճանական սահմանը անցած է 26 օգոստոսին: Սարգիս Անանեանի Նոյեմբերեանի դրացիները «Արմէնփրես»-ին  նշած են, որ վերջինս առանձին կը բնակի, եւ ազրպէյճանական կողմին  հրապարակած լուսանկարին ընդմէջէն ճանչցած են իրենց դրացին:

Share this Article
CATEGORIES