Վանի Մէջ Աշխատանքներ Սկսած Են` 400- Ամեայ Հայկական Եկեղեցիի Մը Նորոգութեան Համար
«Ակունք»` հիմնուելով թրքական «Իհլաս» լրատուական գործակալութեան հաղորդած տեղեկութեան վրայ, կը տեղեկացնէ, որ Վանի Կիւրփընար գաւառին մէջ աշխատանքներ սկսած են` 400-ամեայ տեղւոյն հայկական քարակերտ եկեղեցին վերանորոգելու համար: Վերականգնման շարժառիթ դարձած է զբօսաշրջութեան զարգացման զարկ տալու ցանկութիւնը:
Ըստ աղբիւրին, Վան նահանգի Կիւրփընար գաւառէն 40 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Ըշըքփընար (Օրթիք) թաղամասին մէջ գտնուող վերոնշեալ եկեղեցւոյ միայն մէկ մասը մեր օրերուն հասած է: Այս թաղամասին մէջ ուսումնասիրութիւններ կատարած «Հարիւրերորդ տարի» համալսարանի Արուեստի եւ պատմութեան բաժանմունքի դասախօս դոկտ. Մեհմեթ Թոփ «Իհլաս» լրատուական գործակալութեան թղթակիցին հետ հարցազրոյցի մը մէջ նշած է, որ եկեղեցւոյ արեւմտեան հատուածին մէջ գոյութիւն ունի պատերով շրջապատուած բակ մը, եկեղեցին երկու մասէ բաղկացած եղած է: Անիկա քառանկիւն է: Ներկայիս յայտնի է Օրթիկի եկեղեցի անունով: Ըստ Թոփի, որովհետեւ ներկայիս գիւղին մէջ ոչ մէկ հայ մնացած է, եկեղեցւոյ իսկական անունը կը մնայ անյայտ:

