Բանակի Գաղտնի Սպասարկութիւնը Ստանձնեց Իր Կորսուած Զինուորներէն Մէկուն Դիակը

Նահատակ զինուոր Ալի Սէյիտ
Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, բանակը ստանձնած է Արսալի բախումներուն ընթացքին առեւանգուած զինուորներէն մէկուն դիակը, որուն ինքնութիւնը պիտի ճշդուի «Տի. Էն. Էյ.»-ի քննութենէն ետք:
Արսալի մէջ զինուորին դիակը ստանձնող կողմին` Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդին յայտնուեցաւ, որ անիկա բանակային Ալի Սէյիտի դիակն է:
Նշենք, որ շաբաթէ մը ի վեր Սէյիտի սպանութեան մասին լուրեր շրջանառութեան մէջ դրուած են:
Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդը ստանձնելէ ետք զինուորին դիակը Լապուէի մէջ զայն յանձնեց բանակի գաղտնի սպասարկութեան, որ իսկոյն դիակը փոխադրեց Պատարոյի Զինուորական հիւանդանոց` «Տի. Էն. Էյ.»-ի քննութիւն կատարելու նպատակով:
Միւս կողմէ, առեւանգուած զինուորներուն հարազատները երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ գիշեր հրկիզուած անիւներով փակեցին Լիբանանի տարբեր շրջաններուն ճամբաները` պահանջելով կառավարութենէն եւ բանակի հրամանատարութենէն աշխատիլ իրենց հարազատները ազատ արձակելու նպատակով:
Առեւանգուած զինուորներուն ընտանիքները փակեցին Պար Էլիասի, Զահլէի, Մընիէի, Աքքարի, Տէյր Աամարի, Քալամունի, Ապտէի, Հատաս-Շուայֆաթի եւ Շուայֆաթ-Սայտա ճամբաները, ինչպէս նաեւ Պէյրութի միջազգային օդակայանի հին ճամբան:

