«Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարը Տակաւին Նոր Է» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

Մեծն Լիբանանի յայտարարութեան 94-ամեակին նուիրուած ընդունելութենէն պահ մը

Մեծն Լիբանանի յայտարարութեան 94-ամեակին նուիրուած ընդունելութենէն պահ մը

Մեծն Լիբանանի յայտարարութեան 94-ամեակին առիթով երէկ առաւօտեան վարչապետ Թամմամ Սալամ վարչապետարանին մէջ կազմակերպեց ազգային ընդունելութիւն մը, որուն ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով պետական անձնաւորութիւններ, նախարարներ եւ երեսփոխաններ, ինչպէս նաեւ հոգեւորականներ եւ բարձրաստիճան զինուորականներ:

Իր խօսքին մէջ վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը պէտք է առաջնահերթութիւն ըլլայ եւ ընդգծեց, որ լիբանանցիները սուղ վճարած են ահաբեկչութեան գինը:

Անդրադառնալով առեւանգուած զինուորներուն ընտանիքներուն` վարչապետ Սալամ հաստատեց, որ անոնք առանձին չեն եւ աւելցուց, որ բանակն ու ապահովութեան ուժերը երկրին արժանապատուութիւնն են, «հետեւաբար մենք ճիգ պիտի չխնայենք զանոնք ազատ արձակելու առումով», ըսաւ ան:

Վարչապետ Սալամ ընդգծեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը տակաւին նոր է եւ շեշտեց, որ այս դժուար պայմաններուն ընթացքին անհրաժեշտ է զօրակցիլ բանակին, որ պատասխանատու է երկրին ապահովական կայունութեան պահպանումին:

Վարչապետ Սալամ կոչ ուղղեց նաեւ ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը:

Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ ընդունեց նաեւ Պէյրութի երեսփոխաններու մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց մայրաքաղաքին վերաբերող հարցեր, յատկապէս ելեկտրական հոսանքի ընդհատումին խնդիրը:

Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Լուչիանօ Փորթոլանօ, որ վարչապետին հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս հարաւային Լիբանանի իրավիճակը:

Հանդիպումէն ետք զօր. Փորթոլանօ յայտնեց, որ վարչապետին հետ հանդիպումը դրական եղած է:

Ան նշեց, որ ինք Սալամը տեղեակ պահած է տիրող սահմանային խաղաղութեան, ապահովական կայունութեան եւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան մասին:

Վարչապետարանին այցելուներէն եղան նաեւ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի, երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ, Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին եւ Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրի:

 

Share this Article
CATEGORIES