Ժոմպլաթ Կը Մերժէ Փոխանակելու Սկզբունքը

0901_JumblattԸնկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ յայտնեց, որ ինք բազմիցս ընդգծած է Ռումիէի իսլամական բանտարկեալներուն դատավարութիւնը արագացնելու կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ անոնց դատավարութիւնը յապաղեցնելը արդարութեան յղացքին հետ կը հակադրուի:

Ժոմպլաթ հաստատեց, որ շրջանին մէջ արձանագրուած զարգացումներուն լոյսին տակ եւ ծայրայեղական խմբաւորումներուն Արսալ հասնելուն շրջագիծին մէջ դատավարութիւններուն կարիքը սկսած է աւելի հրատապ դառնալ: Ան շեշտեց, որ իսլամական արգելափակեալները կարելի էր բանտին մէջ հիմնուած դատարանին մէջ դատել եւ հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել այս ձգձգումը եւ թէ որո՞ւն շահերուն կը ծառայէ դատավարութեան ուշացումը:

Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ անդրադարձաւ նաեւ առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու անհրաժեշտութեան` հաստատելով, որ ինք կտրականապէս կը մերժէ փոխանակելու սկզբունքը, որ կրնայ նախընթաց ստեղծել եւ տարբեր առիթներով կրկնուիլ` խախտելով բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն նկատմամբ վստահութեան մթնոլորտը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES