Պըրրի – Ֆըրզլի Հանդիպում

Ֆըրզլի եւ Պըրրի
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս ապահովական իրավիճակը:
Պըրրի ընդունեց նաեւ Թըպնինի քաղաքապետական խորհուրդի պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէր Թըպնինի քաղաքապետ Նեպիլ Ֆուազ:
Քննարկուեցաւ Թըպնինի բարգաւաճման վերաբերող կարգ մը ծրագիրներու իրագործումը:
CATEGORIES Լիբանանեան

