Մուքպել Դրուատեց Բանակին Կարողութիւնները

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ դրուատեց լիբանանեան բանակին կարողութիւնները` շեշտելով, որ բանակին ուժը անոր զէնքին ու թիւին մէջ չէ, այլ` ազգային եւ զինուորական սկզբունքներուն անոր կառչածութեան մէջ, անկախ քաղաքական պայմաններէն:

Մուքպել բարձր գնահատեց բանակին կազմ ու պատրաստ վիճակը, որուն շնորհիւ ան կրնայ քաղաքացիին անվտանգութիւնը ապահովել եւ երկրին ապահովական կայունութիւնը հակակշռել:

Պաշտպանութեան նախարարը ընդգծեց, որ կեղտոտ ջուրերու մէջ որսացող կողմերը պէտք է վերջ տան բանակին դերակատարութիւնը կասկածի տակ առնելու իրենց ընթացքին: Ան կոչ ուղղեց լրատուամիջոցներուն լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը հաշուի առնելու եւ կեդրոնանալու դրական իրականութիւններուն վրայ եւ ոչ թէ սփռելու բանակին միասնականութիւնը խզող յայտարարութիւններ, որոնք կը հնչեն հաւատադրժողականներուն ձայնով:

Մուքպել ընդգծեց բանակին նեցուկ կանգնելու անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է զայն համայնքային բանավէճերէն հեռու պահել:

 

Share this Article
CATEGORIES