Ռայի Պատրիարքը Հռոմի Մէջ Հանդիպում Մը Ունեցաւ Վատիկանի Մէջ Օտար Երկիրներու Դեսպաններուն Հետ
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Հռոմի մարոնի պատրիարքարանին մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Վատիկանի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ, Իտալիոյ, Արաբական լիկայի, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Աւստրալիոյ, Եւրոպական խորհուրդին եւ Լիբանանի դեսպաններուն հետ:
Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը այսօր կէսօրէ ետք Հռոմէն պիտի վերադառնայ Լիբանան, իսկ երկուշաբթի, 8 սեպտեմբերին պիտի մեկնի Ուաշինկթըն:
CATEGORIES Լիբանանեան

