Զօր. Քահուաժի Ընդունեց Երեսփոխաններ Ժամալ Ժարրահն Ու Հատի Հպէյշը

Զօր. Քահուաժի, Ժարրահ եւ Հպէյշ
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց երեսփոխաններ Ժամալ Ժարրահն ու Հատի Հպէյշը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, զօր. Քահուաժի շաբաթավերջին շեշտեց, որ Արսալի մէջ ներկայիս կը տիրէ սովորական կացութիւն` աւելցնելով, որ շրջանառութեան մէջ դրուած են ՏԱՀԵՇ-ի մեծաթիւ զինեալներու գոյութեան մասին տարաձայնութիւններ, որոնք անճիշդ են:
Զօր. Քահուաժի յայտնեց, որ կը յայտնուի, թէ հազարաւոր ահաբեկիչներ բանակին դէմ պիտի յարձակին: «Ոչ մէկ հարց, բարի եկած են, մենք ապահովական բոլոր միջոցառումները որդեգրած ենք», հաստատեց ան:
Անդրադառնալով բանակի զինուորներէն Ալի Սէյիտի նահատակութեան նկարներուն` զօր. Քահուաժի յայտնեց, որ սփռուած լուսանկարները անոր նկարներն են, «սակայն մենք բոլոր հաւանականութիւնները պէտք է բաց պահենք», աւելցուց ան:

