Միքաթի Փլամպլիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Միքաթի եւ Փլամպլի

Միքաթի եւ Փլամպլի

Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Փլամպլի յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի որոշումով ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն գործելիք ոճրային արարքները դատապարտուած են. ան շեշտեց, որ այս որոշումը ուղղակի կը վերաբերի ՏԱՀԵՇ-ի եւ անոր նմանող ահաբեկչական այլ կազմակերպութիւններու, եւ տարբեր երկիրներու կառավարութիւններէն եւ նախագահներէն կը պահանջուի գործադրել այդ որոշումները:

Փլամպլի հաստատեց, որ ՄԱԿ մարդասիրական հսկայական օժանդակութիւններ կը տրամադրէ սուրիացի եւ իրաքցի գաղթականներուն` Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի արձանագրած յառաջխաղացքէն ետք:

Փլամպլի նշեց, որ Միքաթիի հետ իր հանդիպումը եղած է դրական` մաղթելով, որ առեւանգուած զինուորներուն ազատ արձակումը մօտիկ ապագային կարելի ըլլայ իրականացնել:

Share this Article
CATEGORIES