Ուահապ. «Կը Գտնուինք Զգայուն Հանգրուանի Մը Դիմաց, Որ Կը Սպառնայ Բոլորին»
Նախանցեալ օր Ժահիլիէի մէջ Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապի մեծարանքի երեկոյին ընթացքին վերջինս շեշտեց, որ Լիբանան շատ զգայուն հանգրուանի մը դիմաց կը գտնուի` աւելցնելով, որ քաղաքացիական պատերազմէն ի վեր Լիբանան ամէնէն վտանգաւոր հանգրուանը կը դիմագրաւէ, «որովհետեւ այսօրուան սպառնալիքը գոյութենական սպառնալիք է եւ ոչ թէ քաղաքական կամ տեղայնական. անիկա անխտիր բոլոր լիբանանցիներուն գոյութեան կը սպառնայ», ըսաւ ան:
Ուահապ կոչ ուղղեց բոլորին որդեգրելու ռազմավարութիւն մը, որուն շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ պահպանել Լիբանանը եւ օժանդակել բանակին, առանց զայն միակ պատասխանատուն նկատելու:
«Յաջորդող հանգրուանին մենք պէտք է բանակին կողքին կռուինք եւ ոչ թէ իրարու դէմ, որովհետեւ շրջանը հարուածող ալիքը ո՛չ համայնքի եւ ո՛չ ալ յարանուանութեան կապուած է, այլ` եկած է թիրախ դարձնելու ամբողջ շրջանը», ըսաւ ան:

