Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԱՆՏԻՈՔԻ եւ համայն արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը կոչ ուղղեց ընտրելու հանրապետութեան նախագահը, ինչպէս նաեւ մաղթեց, որ արաբական երկիրները զինեն լիբանանեան բանակը:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ հաստատեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի սպառնացած վտանգը կարելի չէ կատակի վերածել` աւելցնելով, որ ՏԱՀԵՇ-ը կարելի է տապալել միայն լիբանանեան մտայնութիւնը տիրական դարձնելով:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք 18-22 սեպտեմբերին պաշտօնական այցելութեամբ մը պիտի ուղղուի Մոսկուա, ուր հանդիպում մը պիտի ունենայ իր ռուս պաշտօնակիցին, ինչպէս նաեւ ռուս ապահովական պատասխանատուներու հետ` քննարկելու համար լիբանանեան բանակին զինման հեռանկարները:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ռիատ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակին տրամադրուած ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւնները չեն համապատասխաներ լեռնային կռիւներ մղելու նպատակով լիբանանեան բանակին կարիքներուն:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ ահաբեկչական բջիջները շուրջ երեք հազար կը հաշուեն:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ժան Օպէյտ յայտնեց, որ այս հանգրուանին անհրաժեշտ է լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու վրայ կեդրոնանալ, որպէսզի կարելի ըլլայ դիմագրաւել Լիբանանին սպառնացող բոլոր վտանգները:
ՍԱՅՏԱՅԻ «Քուտս» մզկիթի իմամ շէյխ Մահեր Համմուտ յայտնեց, որ Էշրեֆիէի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դրօշները հրկիզելու հարցին շուրջ այսքան հսկայ աղմուկ բարձրացնելու կարիք չկայ:
ԶԱՀԼԷԻ եւ Պեքաայի յոյն կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Իսամ Եուհաննա Տարուիշ եպիսկոպոսը շեշտեց, որ Արսալի սահմանամերձ շրջանին մէջ պատահածը քրիստոնեաներուն դէմ գործուելիք յարձակումէն առաջ իսլամներուն դէմ յարձակում կը նկատուի:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Օսէյրան հաստատեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի արտայայտած կեցուածքները ազգային են եւ կը դրսեւորեն տիրող ներկայ կացութեան մասին անոր մտահոգութիւնը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պահիա Հարիրի Մեծն Լիբանանի յայտարարութեան 94-ամեակին առիթով հաստատեց լիբանանեան ազգային միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան մասին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կեցուածքը դրական է եւ կը համապատասխանէ իրենց տեսակէտներուն:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի շեշտեց, որ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը Լիբանանի զօրութեան եւ դիմադրողականութեան երկու հզօր կէտերը կը նկատուին:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ լիբանանցի բանակայիններուն առեւանգումը Լիբանանի արժանապատուութեան եւ երկրին գերիշխանութեան դէմ յարձակում է ու ոտնձգութիւն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ խաչերուն հրկիզումն ու եկեղեցիներու պատերուն վրայ արձանագրութիւնները խստիւ դատապարտուած են:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Քալամունի մէջ Հըզպալլա ձերբակալած է Ժապհաթ Նուսրայի երեք պատասխանատուներ:
ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց, որ առեւանգուած զինուորները ազատ արձակելու լուրջ ճիգեր կան:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ատնան Մանսուր շեշտեց, որ առեւանգուած զինուորները Ռումիէի արգելափակեալներուն հետ փոխանակելու հարցը շատ վտանգաւոր է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ղեկավարներէն Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ ահաբեկչական խմբաւորումներուն համար Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը յստակ է, եւ անոնք կը չարաշահեն զայն:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Հատի Հպէյշ շեշտեց բոլոր առեւանգեալ զինուորները ազատ արձակելու անհրաժեշտութիւնը` հաստատելով, որ Լիբանանի մէջ ահաբեկչութեան դէմ միասնական կեցուածք մը կը տիրէ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ յայտնեց, որ ահաբեկիչներուն հետ սակարկութեան մղող համաձայնութիւնները Լիբանանը լուրջ վտանգի պիտի ենթարկեն:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Ուալիտ Սըքքարիէ շեշտեց, որ Հըզպալլա պաշտպանած է Լիբանանը` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է Լիբանանը պահպանել ՏԱՀԵՇ-ի վտանգէն:
ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին ընդմէջէն հարց տուին, թէ ինչո՞ւ արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի դատական համապատասխան քայլեր չէ որդեգրած, երբ Հըզպալլայի դրօշը հրկիզած են:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ահաբեկչութիւնը ընդգրկող եւ անոր զօրակցող միջավայր չկայ, բացի երկրին մէջ տիրող քաղաքական փտած իշխանութիւններէն:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ շրջանառութեան մէջ դրուած են այնպիսի տեղեկութիւններ, թէ Լիբանան մօտիկ ապագային պիտի ունենայ իր հանրապետութեան նախագահը:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ առեւանգուած զինուորները պէտք է ազատ արձակուին:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուի կոչ ուղղեց կազմ ու պատրաստ դիմադրելու հաւատադրժողական մտայնութիւն կրող անձնաւորութիւններուն:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ զգայուն կացութեան ընթացքին պէտք է երկրին ապահովական մարզին մէջ կատարուելիք ներդրումները ազգային հետաքրքրութիւններուն մէջ առաջնահերթութիւն նկատել:
ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ շարժումի նախագահ Միշել Մուաուատ շեշտեց, որ ծայրայեղութեան դէմ պայքարը կարելի է ապահովել միայն պետութեան, ազգային փոխադարձ գործակցութեան եւ իսլամական չափաւորականութեան ընդմէջէն:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն կոչ ուղղեց այս կամ այն դրօշը հրկիզելու փոխարէն` Լիբանանի դրօշակը բարձրացնելու եւ վերջ տալու գրգռութիւններու հրահրումին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի շեշտեց, որ առեւանգուած զինուորներուն թղթածրարը զուտ ազգային թղթածրար է` հաստատելով, որ կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ զանոնք ազատ արձակելու նպատակով:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով զինուորական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ Արսալի մէջ տիրող կացութիւնը շատ վտանգաւոր է եւ որեւէ ատեն կրնայ պայթիլ:

