Սուրիա Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Գործակցելու Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարելու Շրջանային Եւ Միջազգային «Լուրջ» Ջանքերուն Հետ

0901_Syrian-Foreign-MinistryՍուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ պատրաստ է «Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2170 որոշումի եւ ազգային գերիշխանութեան յարգումի ծիրին մէջ գործակցելու ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու շրջանային ու միջազգային բոլոր լուրջ ջանքերուն հետ»:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ դատապարտեց Սուրիոյ նկատմամբ Եւրոպական Միութեան ապակողմնորոշման քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան շրջանի կայունութեան եւ միջազգային խաղաղութեան ու ապահովութեան նկատմամբ ներկայացուցած վտանգի աճը:

Հաղորդագրութեան մէջ Եւրոպական Միութեան կոչ կ՛ուղղուի որդեգրելու քաղաքականութիւն մը, որ վայել է եւրոպական ժողովուրդներուն եւ չի հակասեր իր յաւակնած արժեչափերուն, ինչպէս նաեւ չհետեւելու ցուցմունքներուն կարգ մը պետութեանց, որոնք զինք այլոց հետեւորդի եւ իրենց սխալ քաղաքականութեանց գինը վճարողի կը վերածեն:

Share this Article
CATEGORIES