Չաւուշօղլու. «Թուրքիան Ազրպէյճանի Հետ Միասնաբար Պիտի Պայքարի Հայոց Ցեղասպանութեան Դէմ»

Մեւլութ Չաւուշօղլու

Մեւլութ Չաւուշօղլու

Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան թղթակիցին հետ զրոյցի մը ընթացքին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նոր նշանակուած նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ «յօրինուած Հայոց ցեղասպանութեան դէմ մենք միասնաբար պիտի պայքարինք»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ իբրեւ նախարար ան ի՞նչ ուղերձ կը յղէ Ազրպէյճանին, Չաւուշօղլու ըսած է. «Ազրպէյճան կրնայ վստահ ըլլալ` ես նոյնքան ջանքեր պիտի ներդրեմ, որքան Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը: Բոլոր հարցերուն մէջ մենք պիտի միաւորենք մեր ուժերը»:

Լրագրողը նշած է, որ 2015-ին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առնչութեամբ հայերը պիտի կրկնապատկեն Թուրքիոյ վրայ ճնշումը, եւ հարցուցած է, թէ ի՞նչ մտադիր է ընել նախարարը: Վերջինս պատասխանած է. «Թուրքիան Ազրպէյճանի հետ միասնաբար պիտի պայքարի Հայոց ցեղասպանութեան դէմ»:

Պոզքըր. «Բոլոր Հարթութիւններուն Վրայ
Պիտի Պաշտպանեմ Եղբայրական
Ազրպէյճանի Շահերը»

Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերու նոր նշանակուած նախարար Վոլքան Պոզքըր իր կարգին պատասխանելով ԱՓԱ-ի լրագրողին այն հարցումին, թէ արդեօք Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ՞ ճնշումներ գործադրել Թուրքիոյ վրայ` Հայաստանի հետ սահմանի բացման հարցով, յայտնած է, որ բոլոր հարթութիւններուն վրայ պիտի պաշտպանէ «եղբայրական Ազրպէյճանի» շահերը:

Ան ազրպէյճանցի լրագրողին խորհուրդ տուած է չմոռնալ, որ այժմ նախարարի աթոռին վրայ ազրպէյճանցիներուն «եղբայրն» է:

Պոզքըր խոստացած է Հայաստանի քաղաքականութիւնը «անոր իսկ դէմ ճնշումի միջոցի վերածել»: Ան խոստացած է նաեւ, որ Թուրքիան ինք պիտի վերածուի ճնշումներ գործադրող երկրի:

Մինչեւ նախարար նշանակուիլը` նախկին դեսպան Պոզքըր Թուրքիան կը ներկայացնէր Եւրոպական Միութեան մէջ:

Share this Article
CATEGORIES