Ըստ Եգիպտոսի Արտաքին Գործոց Նախարարին. Գահիրէ Կը Ջանայ Սուրիոյ Տագնապին Առնչակից Կողմերը Համախմբել Ժողովուրդին Շահին Համապատասխանող Բանը Իրագործելու Համար

Սամեհ Շուքրի

Սամեհ Շուքրի

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի սէուտական «Օքազ» օրաթերթին յայտնեց, որ «Եգիպտոս սուրիական տագնապի բոլոր կողմերուն մօտ աշխատանք կը տանի սուրիացի ժողովուրդին շահին համապատասխանող բանը իրագործելու համար»:

Շուքրի յայտնեց, որ Եգիպտոս սուրիական տագնապին վերաբերեալ որոշ նախաձեռնութիւն չ՛իրագործեր, այլ կը ջանայ հակամարտող կողմերը քաղաքական ծիրի մէջ համախմբել` ճիշդ ինչպէս պատահեցաւ Ժընեւի մէջ, որպէսզի կարելի ըլլայ հասնիլ համաձայնութեան մը, որ վերջ կու տայ սուրիացի ժողովուրդին տառապանքին:

Եգիպտական դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ իր երկիրը նախանձախնդիր եղած է Ժետտայի մէջ Սուրիոյ բարեկամներու ժողովին մասնակցելու` խորհրդակցելու համար կացութեան զարգացումներուն շուրջ եւ կեդրոնանալու համար ահաբեկչութեան ներկայացուցած վտանգներուն վրայ:

Share this Article
CATEGORIES