Լուկանսքի Եւ Տոնեցքի Հանրապետութիւնները Քիեւէն Յատուկ Կարգավիճակի Ճանաչում Պահանջած Են

0901_Lugansk«Ռաշա Թուտէյ» կը հաղորդէ, որ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի հանրապետութիւնները Քիեւին կոչ ուղղած են ճանչնալու իրենց յատուկ կարգավիճակը:

Կը նշուի, որ այդ հանրապետութիւններուն ներկայացուցիչները ճիշդ այս պահանջով ներկայացած են Մինսքի մէջ երէկ սկսած բանակցութիւններուն եւ այժմ հրապարակած են իրենց պահանջները:

Ըստ անոնց, միայն «իրաւահաւասար բանակցութիւնները տագնապի լուծման եւ խաղաղութեան վերականգնման երաշխիք են» Ուքրանիոյ արեւելքին մէջ, ուր ռուսամէտ ուժերը հանդէս կու գան «դաշնակցայնացումի» ի նպաստ:

Պահանջը կը հնչէ, մինչ շրջանառութեան մէջ դրուած են լուրեր, թէ ուքրանական ուժերը Լուկանսքէն կը նահանջեն:

Սոպոթքա. «Քիեւ Պատրաստ Չէ Եւրոպական
Միութեան Եւ Օթան-ի Անդամ Դառնալու»

Չեխիոյ վարչապետ Պոկուսլաւ Սոպոթքա յայտարարած է, որ Ուքրանիա ո՛չ Եւրոպական Միութեան, ո՛չ ալ ՕԹԱՆ-ին պատրաստ է անդամակցելու:

Սոպոթքա պատկերասփիւռէն յայտնած է, որ «Ուքրանիա պատրաստ չէ ՕԹԱՆ-ին անդամակցելու, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան անդամ դառնալու»` աւելցնելով, որ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներէն ոչ մէկը կ՛առաջարկէ Ուքրանիան ընդունիլ դաշինքի կազմին մէջ:

«Կը կարծեմ, որ ՕԹԱՆ-ն ու Եւրոպական Միութիւնը այս հարցին շուրջ Ուքրանիոյ պէտք է իրատեսական յոյսեր տան», ըսած է Չեխիոյ վարչապետը:

 

Share this Article
CATEGORIES