Խըրխըզիստանի Կառավարութիւնը Որդեգրած Է Մաքսային Միութեան Անդամակցութեան Օրինագիծերու Թղթածրարը
Gazeta.ru կը հաղորդէ, որ Խըրխըզիստանի կառավարութիւնը միաձայնութեամբ վաւերացուցած է շարք մը օրինագիծեր, որոնք անհրաժեշտ են Ռուսիոյ, Ղազախստանի եւ Պիելոռուսիոյ ստեղծած Մաքսային միութեան եւ Միացեալ տնտեսական տարածքին անդամակցութեան համար:
«Այսօր մենք կ՛որդեգրենք մեր երկրին համար պատմական որոշում մը: Մենք միաձայնութեամբ համաձայնութիւն տուած ենք թղթածրարի օրինագիծերուն, որոնք անհրաժեշտ են Մաքսային միութեան անդամակցութեան համար, եւ զանոնք վաւերացման համար կ՛ուղարկենք խորհրդարան», ըսած է վարչապետ Ճոոմարթ Օթորպայեւ:
Կառավարութիւնը գրեթէ ամբողջ ծաւալով կատարած է իր պարտաւորութիւնները իրագործման ծիրին մէջ Մաքսային միութեան անդամակցութեան համար անհրաժեշտ «ընթացագիծ»-ին, որ որդեգրուած էր Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի 29 մայիսի նիստին ընթացքին:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ Մոսկուան եւ Պիշքեքը կը նախատեսեն հիմնել հիմնադրամ մը, որուն գումարները պիտի ծախսուին Խըրխըզիստանի` Մաքսային միութեան հետ համարկման համար:

