Կազայի Վերականգնումը Պիտի Պահանջէ Քսան Տարի
«Ռաշա Թուտէյ»` վկայակոչելով տագնապներէ ետք վերականգնումները գնահատող միջազգային ընկերութիւն «Շելթըր Քլասթըր»-ը, կը գրէ, որ իսրայէլեան վերջին յարձակումներէն ետք Կազայի վերականգնումը պիտի պահանջէ քսան տարի:
Այս գնահատականը տրուած է այն նկատառումով, որ Կազայի մէջ հազարաւոր շէնքեր աւերուած են: Ըստ Միջազգային կարմիր խաչին, եօթը շաբաթ տեւած յարձակումին պատճառով 17 հազար տուն աւերուած կամ լրջօրէն վնասուած է:
Առհասարակ 5046 քիլոմեթր տարածութեան մէջ 1,8 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Կազայի մէջ 75 հազար բնակարաններու կարիք կայ:
Պաղեստինի իշխանութիւնները Կազայի վերականգնումը գնահատած են վեց միլիառ տոլարով: Սակայն վերականգնման կը խոչընդոտեն Իսրայէլի եւ Եգիպտոսի շրջափակումները: Իսրայէլ, օրինակ, կտրուկ կերպով կ՛արգիլէ շաղախի եւ այլ շինանիւթերու ներածումը Կազա` եօթը տարի առաջ Համաս շարժումին իշխանութեան գալէն ի վեր:
Իսրայէլ Պաղեստինէն 400 Հեկտար
Հող Կը Բռնակցէ
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իսրայէլ յայտարարած է, որ Այսրյորդանանի պաղեստինեան հողերէն 400 հեկտար հող կը բռնակցէ:
Բռնակցուած հողերը Բեթղեհէմի եւ Հեպրոնի շրջանին մէջ են: Ասիկա Իսրայէլի պատասխանն է յունիսին երեք իսրայէլացի պատանիներու առեւանգման ու սպանութեան:
Հողերու այս բռնագրաւումը մեծագոյնն է վերջին երեսուն տարուան ընթացքին: Պաղեստինի մէջ կը կարծեն, որ այս որոշումը ալ աւելի պիտի վատթարացնէ Կազայի մէջ ստեղծուած կացութիւնը:
«Ռոյթըրզ» կը նշէ, որ Միացեալ Նահանգներ դատապարտած են այս բռնագրաւումը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը ճգնաժամի խաղաղ լուծման ջանքերու ենթահողին վրայ Իսրայէլի քայլը ոչ արդիւնաւէտ անուանած է:
Ուաշինկթըն Թել Աւիւին կոչ ուղղած է ջնջելու այդ որոշումը:

