Տաւութօղլուի Առաջին Պաշտօնական Այցելութիւնները Պիտի Ըլլան Հիւսիսային Կիպրոս Եւ Ազրպէյճան

Ահմեթ Տաւութօղլու
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նոր նշանակուած վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու իր առաջին պաշտօնական այցելութիւնները պիտի կատարէ այսպէս կոչուած հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութիւն եւ Ազրպէյճան:
Թէեւ արդէն յայտնի են երկիրները, սակայն տակաւին այցելութիւններուն թուականները չեն ճշդուած:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ Թուրքիոյ նորընտիր նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւս իր պաշտօնական առաջին այցելութիւնները պիտի կատարէ դէպի նոյն վայրերը: Էրտողան երէկ այցելեց հիւսիսային Կիպրոս, իսկ այսօր կ՛այցելէ Ազրպէյճան:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ յայտնեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ կանչած է Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան գործավարը` բացատրութիւն պահանջելու համար լրատուամիջոցներու մէջ յայտնուած այն տեղեկութեան գծով, թէ Ուաշինկթըն Անգարան կը լրտեսէ:
Դեսպանատան գործավարը այժմ Անգարայի մէջ ամերիկացի ամէնէն բարձրաստիճան դիւանագէտն է:
Կիրակի օր գերմանական «Շփիկըլ» ամսագիրը` վկայակոչելով ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւններու նախկին աշխատակից Էտուըրտ Սնոուտընի փաստաթուղթերը, հրապարակած էր լուր մը, որուն համաձայն, Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան գործակալութիւնն ու բրիտանական հետախուզութիւնը Թուրքիոյ դէմ «լայն ծաւալի լրտեսական գործունէութիւն» կատարած են:

