Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Ժունիէ – Աթլեթիքօ` 69-52
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Դ. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ ՀՄԸՄ Ժունիէ, որ երէկ կատարեց իր առաջին մրցումը, 1-0 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցը` Աթլեթիքոն, արձանագրելով 69-52 արդիւնքով յաղթանակ մը (8-15, 16-10, 15-22 եւ 9-22):
Երկու կազմերուն միջեւ երկրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ երեկոյեան ժամը 20:30-ին, Ղութայի դաշտին վրայ:
CATEGORIES Մարզական

