Իրաւարար Շամի Կարեւոր Իրագործում Մը Կատարեց

0901_Mohamad-ShamiԼիբանանցի իրաւարար Մոհամետ Շամի կարեւոր իրագործում մը կատարեց, երբ Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ սուլեց Արաբական ակումբներու ֆութսալի ախոյեանութեան աւարտականի մրցումին, որ տեղի ունեցաւ նախորդ շաբաթավերջին` Շանկտու քաղաքին մէջ (Չինաստան):

Աւարտական այս մրցումը աւարտեցաւ յաղթանակովը Նակոյա Օշնեսի (Ճափոն), որ 5-4 արդիւնքով (երկարաձգումէն ետք) յաղթեց Շոնպըրի Պլու Ուէյվզին (Թայլանտ):

Անոր ձեռք ձգած այս յաջողութիւնը կրնայ յաւելեալ պատճառ ըլլալ, որ ապագային ան մուտք գործէ միջազգային ասպարէզ եւ այլ կարեւոր մրցաշարքերու համար ալ նկատի առնուի:

Share this Article
CATEGORIES