Պասքեթպոլ. Հայաստանի 15 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Անգարայի Մէջ Հանդիսացաւ 3-րդ
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի 15 տարեկանէն վար պասքեթպոլի տղոց հաւաքականը իր մասնակցութիւնը բերելով Անգարայի մէջ տեղի ունեցած պատանեկան միջազգային մրցաշարքին, գրաւեց երրորդ դիրքը` արձանագրելով միայն յաղթանակ մը եւ կրելով 5 պարտութիւն:
Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արեգ Վաթեան ArmSport.am-ի հետ իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ հակառակ արձանագրուած այս արդիւնքին, հիմնականին մէջ բաւական գոհ մնացած է իր կազմին ցուցադրած ելոյթներէն:
CATEGORIES Մարզական

