Առանց Յառաջապահներու. Հայաստանի 21 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Մեկնեցաւ Իսլանտա

0901_under-21Երէկ` երկուշաբթի, 1 սեպտեմբերին, Հայաստանի 21 տարեկանէն վար հաւաքականը մեկնեցաւ Իսլանտա, ուր վաղը` չորեքշաբթի, 3 սեպտեմբերին, պիտի մրցի դաշտին տիրոջ դէմ` Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ:

Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Ռէյքիավիքի «Ֆիլքիսվիոլուր» մարզադաշտին վրայ, սկիզբ պիտի առնէ ժամը 19:30-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:

Նշենք, որ հաւաքականը առանց յառաջապահներու մեկնեցաւ Իսլանտա: Արտեոմ Սիմոնեան եւ Վարդան Պօղոսեան այդտեղ պիտի միանան խումբին, մինչ Սարգիս Պալոյեան փորձերու ընթացքին վիրաւորուած ըլլալուն պատճառով խումբին հետ չմեկնեցաւ:

Ստորեւ` գլխաւոր մարզիչ Աբրահամ Խաշմանեանի կողմէ նկատի առնուած մարզիկներուն ցանկը.

ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ.- Արթուր Թորոյեան (Բանանց) եւ Ալպերթ Օհանեան (Փիւնիկ):

ՅԵՏՍԱՊԱՀՆԵՐ.- Գրիգոր Յովհաննիսեան, Վասպուրակ Մինասեան (Փիւնիկ), Արամ Շահնազարեան (Բանանց), Դաւիթ Մարիքեան (Շիրակ) եւ Ալեն Համբարձումեան (Գանձասար):

ՄԻՋՆԱՊԱՀՆԵՐ.- Կարէն Մուրատեան, Դաւիթ Յակոբեան (Շիրակ), Գագիկ Պօղոսեան, Ղուկաս Պօղոսեան (Փիւնիկ), Աղուան Պապիկեան (Ուլիս), Արամ Լոռեցեան (Բանանց), Տիգրան Բարսեղեան (Միքա) եւ Գոռ Մալաքեան (Ալաշկերտ):

 

Share this Article
CATEGORIES