Եուրա Մովսիսեան – Նիքիթա Սիմոնեան Ջերմ Հանդիպում
Նախորդ շաբաթավերջին Սպարտակի նորաբաց մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ակումբին բոլոր աստղերուն միջեւ հանդիպումը, կը յայտնէ ArmSport.am:
Մրցումին սկիզբէն առաջ մարզադաշտի մուտքին իրարու հանդիպեցան, Սպարտակի բոլոր ժամանակներու լաւագոյն ռմբարկու, Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Նիքիթա Սիմոնեան եւ մոսկովեան ակումբի վերջին շրջանին լաւագոյն ռմբարկու, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջազգային յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան, որ այժմ իր ստացած վնասուածքէն վերականգնումի ընթացքի մէջ է:
Անոնց միջեւ հանդիպումը անցաւ շատ ջերմ մթնոլորտի մէջ:
Հանդիպումին աւարտին Սիմոնեան շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց Մովսիսեանին:
CATEGORIES Մարզական

