Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Լռութիւնը ոսկի է կ՛ըսեն. այսուհանդերձ, երբ հարցը կը վերաբերի ձեր իրաւունքը պաշտպանելու, առանց վարանելու ըսէք ձեր խօսքը, որպէսզի յիմար չնկատուիք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Շարունակեցէք ձեր սկսած աշխատանքը` առանց նկատի առնելու ուրիշներու կարծիքը: Հետեւեցէք ձեր խղճի եւ հոգիի ձայնին: Կը յաջողիք անպայման:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ապաւինեցէք ձեր կարողութեան: Ունիք բաւարար ուժ եւ հոգեկան զօրութիւն` կարենալ դիմադրելու համար մրցունակ տրամադրութիւններու:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Անցեալին կատարուած սխալներուն եթէ անդրադառնաք եւ զանոնք տրտունջի վերածէք, կ՛արգելակէք ձեր յառաջդիմութիւնը: Ձեր նայուածքը ուղղեցէք դէպի ապագայ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ինքնագիտակցութիւնը ունիք ձեր կարողականութեան, բայց չէք համարձակիր նոր ծրագիրներ մշակելու: Վարանումը հեռացուցէք ձեզմէ, նորը գտէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Երջանկութիւնը չեն փնտռեր, ան ներկայ է միշտ ձեր մօտ, եթէ զայն յարգել գիտնաք: Փոքր յաջողութիւնները մեծ երջանկութիւններ են, գիտցէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ուրիշներուն ըրածով մի՛ հետաքրքրուիք, կեդրոնացէք ձեր գիտելիքներուն վրայ, ծրագրեցէք նոր աշխատանքներ` հաւատալով, որ պիտի յաջողիք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Կամքը յամառութիւն չէ, այլ` ինքզինք հաստատելու որոշում: Այսօր առիթը պիտի ունենաք հանդիպելու այնպիսի անձերու, որոնք գիտեն ձեր անկեղծ վերաբերումը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Դրամատնային հարց մը ունիք, անմիջապէս հանդիպեցէք պատասխանատու անձին հետ, որպէսզի վստահ ըլլաք ձեր ունեցածին եւ չունեցածին: Օրը լաւ է:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Խնայասիրութեան բարիքը մի՛ մոռնաք, ձեր ոտքերը ձեր վերմակէն աւելի դուրս մի՛ հանէք: Այսինքն ձեր ուժին եւ կարողութեան սահմանը գիտցէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
«Ինչ որ ցանես, այն կը հնձես», կ՛ըսէ իմաստունը: Պիտի կարենաք ձեր ցանածը հնձել առատ բերքով: Օրը ունի ուրախանալու առիթներ եւ յաջողութիւն:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)»
Ձեր կենդանակերպ աստղը կը թելադրէ լողալ մաքուր ջուրերու մէջ: Մնացեալ փափաքները կու գան ինքնաբերաբար: Լաւ լողալ սորվեցէք, այս է կարեւորը եւ ապահովը:

