50 Տարի Առաջ (3 Սեպտեմբեր 1964)
Խ. Պապիկեանի Ճառը Քոփենհակընի Ժողովին
Ի՞նչ Է Երեսփոխանին Դերը
Քոփենհակընի մէջ գումարուող միջ խորհրդարանական ժողովի լիագումար նիստին Պէյրութի երեսփոխան եւ վարչական բարեկարգութեան նախկին նախարար Խաչիկ Պապիկեան ելոյթ մը ունեցաւ ժամանակակից պետութիւններուն մէջ երեսփոխանի մը դերին մասին: Պապիկեանին զարգացուցած գաղափարը ներկայիս աշխարհի մէջ ամէնուրեք իւրացուած է, բայց առաջին անգամն է, որ լիբանանցի երեսփոխան մը կ՛արծարծէ զայն, կը գրէ «Լ՛օրիան», որ իր երէկուան թիւով, առաջին էջի առաջին սիւնակին վրայ, ամբողջութեամբ տուած էր հայ երեսփոխանին ճառը: Խ. Պապիկեանին դիրքորոշումը, կ՛աւելցնէ թերթը, քաջակորով է մանաւանդ անոր համար, որ լիբանանեան քաղաքական շրջանականերու մէջ տակաւին հնամաշ գաղափարներ կը տիրեն խորհրդարանական դրութեան մասին:
Ստորեւ` ամբողջ ճառը.
Ապաշնորհ զանցառութիւն մը պիտի ընէի խօսք առնելով, առանց մասնաւորաբար յիշելու ճարտար զեկուցումը Ֆրանսայի պատուիրակ եւ խորհրդարանական ու իրաւական հարցերու յատուկ յանձնախումբի փոխնախագահ պրն. Շանտերնակորի, այսօրուան մեր հանդիպման նիւթի մասին. «Երեսփոխանի մը դերը` իբրեւ միջնորդ քաղաքացիներուն եւ իրենց կառավարութեան միջեւ»:
Այս խնդիրը արծարծուեցաւ ընդհանուր քարտուղարին կողմէ` իր տարեկան տեղեկագրին մէջ, հետեւեալ բառերով. «Խորհրդարանին ազդեցութիւնը այն չէ, ինչ որ էր ատենին, ու ներկայացուցչական վարչակարգը կը գործէ թերի կերպով»:
Ընդունուած իրողութիւն է, որ այսօրուան երեսփոխանը տարբեր կերպարանք ունի ժամանակի երեսփոխանէն: Բայց պէ՞տք է ահազանգի մատնուիլ: Ինչ են ատոր պատճառները եւ ի՞նչ են դարմանները: Ահաւասիկ քանի մը բառով` այսօրուան մեր նոթերուն նիւթը:
***
Անմիջապէս ըսենք, թէ երեսփոխանին աւանդական դերը, իբրեւ միջնորդ քաղաքացիներուն եւ իրենց պետութեան միջեւ, կը կայանայ դասական ըմբռնումին մէջ.
– Կառավարութիւններ կազմել,
– Օրէնքներ մշակել:
Կառավարութիւննե՞ր կազմել: Երեսփոխանը այսօր հետզհետէ նուազ չափով կը կատարէ այդ: Աշխարհին նկատառելի մէկ մասին մէջ, ուր կեանքի շատ ցած մակարդակը առաջին գծի վրայ կը նետէ տնտեսական խնդիրները, միակ կուսակցութեան մը կամ զօրաւոր վարչակարգի դրութիւնն է, որ կը տիրապետէ, ու երեսփոխանը շատ յաճախ կը գոհանայ իրմէ դուրս տրուած որոշում մը վաւերացնելով:
Նոյնն է պարագան բազմաթիւ երկիրներու մէջ, որոնք նորերս անկախութեան տիրացած ըլլալով` յանկարծ դէմ յանդիման կու գան ազգային առաջնահերթ խնդիրներու, ինչպէս` ազգային միասնականութեան պակասը, շատ յաճախ արդիւնք` անդամահատումի գաղթատիրական քաղաքականութեան մը: Ու հոն եւս միակ կուսակցութեան կամ զօրաւոր մարդու դրութիւնը պիտի տայ լուծումը, եւ «ուան մեն շօ»-ի այս վարչակարգին մէջ երեսփոխանին դերը շատ աննշան պիտի ըլլայ: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Նիկերիոյ պատուարժան պատուիրակին, որ շատ լաւ կերպով կարկառուն դարձուց այս կէտերը, ընդհանուր վիճաբանութեան ընթացքին, Ափրիկէի եղբայր պետութեանց մէջ կիրարկուած այս խնդիրներուն մասին իր պայծառատես ու պերճիմաստ զեկուցման մէջ:
Եթէ ճիշդ է, որ աշխարհի նկատառելի մէկ մասին մէջ երեսփոխանը հետզհետէ աւելի նուազ կառավարութիւններ կը կազմէ, կը կարծենք կարենալ հաստատել, ինչ կը վերաբերի օրէնքներուն եւ անոնց մշակման, թէ երեսփոխանի դերին նսեմացման այս երեւոյթը շատ աւելի ընդհանուր է եւ կը հետաքրքրէ թէ՛ զարգացման մէջ եղող երկիրները եւ թէ՛ հին ժողովրդավարութիւնները: Իրողութիւն է, որ երեսփոխանը, իբրեւ քաղաքացիներու բանբերը, հետզհետէ աւելի նուազ օրէնքներ կը մշակէ: Ինչո՞ւ: Շատ պարզ է:
Պատճառն այն է, որ անհատի պաշտպանութեան օրէնքները արդէն իսկ մշակուած են: Կարելի չէ անվերջանալիօրէն վերամշակել սեփականութեան օրինագիրքը` նուիրականացնելու համար անհատական սեփականութեան անբռնաբարելիութեան սկզբունքը` իւզիումի եւ ապիւզիումի ձեւին տակ: Ոչ ալ վերամշակել պատժական օրէնքները` նուիրագործելու համար մեր սկզբունքները, որոնց վրայ կը յենի մեր արդիական պատժական օրէնսգրութիւնը նիւլլում քրիմէն սինէ լէճէ եւ այլ…
Անհատի պաշտպանութեան օրէնքները արդէն իսկ մշակուած են:
Գալով նոր օրէնսդրութեան, որ կը յորդի օրէնքներու, հրամանագիր-օրէնքներու, օրէնսդրական-հրամանագիրներու, կիրարկման- հրամանագիրներու եւ պայ-լոզներու ձեւին տակ, նախ եւ առաջ հաւաքականութեան պաշտպանութեան օրէնսդրութիւն մըն է` ընդդէմ կոյր փորձառութեան, անհատի եսասիրութեան: Քաղաքաշինութեան օրէնքը` ընդդէմ սեփականութեան օրէնքին, աշխատանքի ամբողջ ընկերային օրէնսդրութիւնն է պայմանագրութիւններու եւ պարտաւորութիւններու օրինագրքին դէմ:
Բայց այս օրէնսդրութիւնը գործադիրն է, որ կը յղանայ, գործադիրն է, որ կը ձեւակերպէ եւ կ՛առաջարկէ շատ աելի լաւ, քան` երեսփոխանը, որովհետեւ գործադիրին էութեան մաս կը կազմէ աւելի լաւ ըմբռնել հաւաքական ընդլայնուած շահ մը, դէմը երեսփոխանի մը, որ անհրաժեշտաբար կեդրոնացած է անհատի, արհեստակցական խմբակի մը, տեղական խմբաւորման մը եւ շատ-շատ` շրջանային խմբաւորման մը իրաւունքներուն պաշտպանութեան վրայ:
***
Հաւաքական բնոյթ կրող արդիական օրէնսդրութեան յորձանքին առջեւ ի՞նչ կ՛ըլլայ անհատը:
Արդ, անհատը քաղաքային իրականութեան մէջ հազուադէպօրէն կը գանգատի օրէնքի մը դէմ: Շատ յաճախ ան կը տառապի օրէնքի յոռի կիրարկումէն, վարչութեան դանդաղութիւններէն, անոր անբաւարարութենէն կամ թերութենէն: Քաղաքացիին սեւ լաթը օրէնքը չէ, այլ` վարչութիւնը:
Երեսփոխանը կ՛ուզէ՞ միջնորդի դեր խաղալ քաղաքացիներուն եւ իրենց կառավարութեան միջեւ: Եթէ այո, թող օգտագործէ սահմանադրութեան իրեն ընծայած իրաւասութիւնները` զբաղելով հետզհետէ ծաւալող վարչութեան մը խնդիրներով (ու երախտապարտ պէտք է ըլլանք Միացեալ Նահանգներու պատուիրակութեան նախագահ Սեն Ժորժին, որ շեշտեց այս կէտը), թող աշխատի բարեկարգել վարչութիւնը, կամ ուզէ զայն հակակշռի տակ առնել:
– Բարեկարգել վարչութիւ՞նը: Այս մարզին շուրջ համայնաբուժ դեղ մը չկայ, բայց` ահաւասիկ նիւթ մը, որ մեր բոլոր պաշտօնակից երեսփոխաններուն խորհրդածութեան կը յանձնեմ: Այս մարզին մէջ Լիբանան իրագործեց հրաշազան ոստում մը, եւ իր փորձը այսօր կը ծաւալի Միջին Արեւելքի մէջ:
– Հակակշռել վարչութիւ՞նը: Այդպիսով երբեք չենք հասկնար անհատական միջամտութիւններ կամ անձնական կարգի քայլեր: Այս հակակշիռը պէտք է առարկայ դառնայ նոր թեքիքներու, նոյնինքն վարչական միջոցներու չափանիշով: Պիտի ըլլայ մեթոտական ծրագիր մը, հակակշռի ժամանակացոյց մը, ուսումնասիրուած եւ կազմակերպուած նոյնինքն խորհրդարանական յանձնախումբերու մէջ:
Նոր վիճելի աւանդութիւն մը, որ արդիւնք է հնամաշ իրաւադրութեան մը, կ՛ուզէ, որ խորհրդարանական յանձնախումբերը գլխաւոր նիւթ ունենան զբաղելու գործադիրէն իրենց եկած օրինագիծերով կամ խորհրդարանի անդամներէն եկած առաջարկներով: Շրջան մը, երբ վարչութեան գործունէութիւնը կ՛ողողէ բոլոր մարզերը, կը նկատենք, որ իւրաքանչիւր երեսփոխանի նուիրական պարտականութիւնն է իր ժողովին մէջ արժեցնել աշխատանքի նոր մեթոտներ: Խորհրդարանական յանձնախումբերը պէտք է գծեն հակակշռի մեթոտիկ ծրագիրներ, որոնք պէտք է հաստատուին իւրաքանչիւր տարուան սկիզբը, եւ որոնք պէտք է ընդգրկեն յանձնախումբերու իրաւասութեան տակ ինկող զանազան սպասարկութիւնները:
Այս առիթով երեսփոխանը, իր պաշտօնակիցներուն օժանդակութեամբ, զօրացած ժամանակի վարչական խնդիրներու իր փորձառութեամբ, կրնայ վարչութեան թելադրել նոր մեթոտներ, Պետութեան բարձր պաշտօնատարներուն ուշադրութիւնը հրաւիրել կարգ մը գրասենեակներու թշուառութեան վրայ:
Ու այդպիսով օգտակար գործ կատարած կ՛ըլլայ:

