ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԺԻՊԷՅԼԻ ԵՒ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ՄԵԹՆԻ ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ ՄԱՐԶԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Նախարար Սապունճեան` ճարտարարուեստի մարզի ներկայացուցիչներու հետ

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ ընդունեց թուղթի եւ ծրարումի ճարտարարուեստներու սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Ֆատի Ժեմայէլի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ վերոնշեալ ճարտարարուեստներուն որակը բարձր պահելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ նախարարին ներկայացուեցան այդ ճարտարարուեստներուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն մանրամասնութիւնները:

Նախարար Սապունճեանին այցելեցին նաեւ Ժիպէյլի եւ Հիւսիսային Մեթնի ճարտարարուեստի ներկայացուցիչները:

Share this Article
CATEGORIES