ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՏԱՐԵՑ Ա. ԿԱՐԳԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՇՏՕՆԵԱՆԵՐՈՒ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐ
Ստանալէ ետք խորհրդարանին վստահութեան քուէն, կառավարութիւնը երէկ նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր առաջին նիստը, որուն նախագահեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման` ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Միքաթի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին անոնք քննարկեցին երկրին իրադարձութիւնները:
Կառավարութիւնը իր նիստին ընթացքին քննարկեց 72 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ Ա. կարգի պետական պաշտօնեաներու նշանակումին առումով, կառավարութիւնը բանակի սպայակոյտի պետ նշանակած է զօր. Ուալիտ Սալմանը, երկարաձգած է Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի պաշտօնավարութեան նստաշրջանը, ինչպէս նաեւ նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէն նշանակած է Անթուան Շքէյրը:
Տաուք նշեց, որ ընդհանուր անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնի նշանակումը պիտի կատարուի յառաջիկայ շաբաթ գումարուելիք կառավարութեան նիստին ընթացքին:
Տաուք նկատել տուաւ, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Միքաթի շեշտած է, թէ ոմանք կը մաղթեն, որ այս կառավարութիւնը տապալի` աւելցնելով նաեւ, որ ուրիշներ արդէն իսկ կառավարութեան տապալման թուականներ ճշդած են:
«Յստակ է նաեւ, որ ոմանք կառավարութիւնը այս կամ այն քաղաքական կողմի կառավարութիւն կը կոչեն», ըսաւ Միքաթի նիստին ընթացքին:
Նշենք, որ կառավարութիւնը քննարկեց նաեւ Լիբանանի ծովային սահմաններուն հարցը եւ այդ սահմաններուն դէմ գործուած իսրայէլեան ոտնձգութիւնները:
Այս իմաստով, Տաուք յայտնեց, որ Լիբանան իր բոլոր իրաւունքները պիտի պաշտպանէ օրինական բոլոր միջոցներով եւ հիմնուելով իր պաշտօնական փաստաթուղթերուն վրայ, որոնք արդէն իսկ ՄԱԿ-ին ներկայացուած են:
Տաուք նկատել տուաւ, որ Լիբանան իր բոլոր շերտերով կառչած կը մնայ իր ծովային սահմանները պահպանելու ընտրանքին` մերժելով անոնց դէմ գործուած իսրայէլեան ոտնձգութիւնները:
Կառավարութիւնը իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ յառաջիկայ երկուշաբթի օր: