7 ԷՍԹՈՆԻԱՑԻ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿՆԵՐԸ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿՈՒԵՑԱՆ
Լիբանանի մէջ անցեալ մարտին առեւանգուած 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկները երէկ առաւօտեան ազատ արձակուեցան:
Արսալի մէջ զբօսաշրջիկները յանձնուեցան ֆրանսական մէկ պատուիրակութեան, որ ազատ արձակուած զբօսաշրջիկները փոխադրեց ֆրանսական դեսպանատուն` նկատի ունենալով, որ Լիբանանի մէջ Էսթոնիոյ դեսպանատուն չկայ:
Ֆրանսայի Ազգային տօնին զուգադիպաբար ֆրանսական դեսպանատան պատշգամէն էսթոնիացի զբօսաշրջիկները ողջունեցին լիբանանցիները եւ իրենց հարազատները:
Երեկոյեան ժամը 10:00-ին, Էսթոնիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուրմաս Փայթ ժամանեց Լիբանան:
Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Փայթ ուղղուեցաւ վարչապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ:
Հանդիպումէն ետք կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ Փայթ շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի կառավարութեան, որ զօրակցեցաւ Էսթոնիոյ, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ապահովական կառոյցներուն, որոնք ամէն ճիգ ի գործ դրին` ազատ արձակելու համար էսթոնիացի զբօսաշրջիկները:
Փայթ յայտնեց, որ էսթոնիացի զբօսաշրջիկները ազատ արձակուեցան, սակայն անոնց առեւանգումին մասին բացուած հետաքննութիւնը պիտի շարունակուի եւ երկու երկիրներուն ապահովական կառոյցները պիտի շարունակեն իրարու հետ գործակցիլ:
Փայթ շեշտեց, որ զբօսաշրջիկներուն ազատ արձակումը երբեք կապ չունի Ֆրանսայի Ազգային տօնին հետ:
Ան հաստատեց նաեւ, որ լիբանանեան ջանքերուն կողքին, էսթոնիացի զբօսաշրջիկներուն ազատ արձակման օժանդակած են ֆրանսական, գերմանական, թրքական եւ այլ կողմեր:
Կը նախատեսուէր, որ Փայթ այսօր առաւօտեան կանուխ ժամերուն էսթոնիացի զբօսաշրջիկներուն հետ վերադառնար տուն:
Էսթոնիացի զբօսաշրջիկներուն ազատ արձակումը կատարուեցաւ մութ եւ պղտոր պայմաններու մէջ, ի վերջոյ սակայն հաստատուեցաւ, որ առեւանգող կողմերը ֆրանսացի բանագնացներուն հետ իրենց բանակցութիւններուն ընթացքին շեշտած էին, որ զբօսաշրջիկներուն յանձնումը կը փափաքին կատարել լիբանանեան ապահովական ուժերուն բացակայութեան:
Աւելի ուշ, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել` ընկերակցութեամբ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆիի, այցելեց ֆրանսական դեսպանատուն, ուր հաստատեց, որ 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկներուն ազատ արձակումը կարելի եղած է կատարել ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ տեղեկահաւաքի բաժանմունքին ջանքերուն, ինչպէս նաեւ եւրոպական երկիրներուն եւ յատկապէս` Ֆրանսայի շնորհիւ:
Շարպել յայտնեց, որ էսթոնիացի զբօսաշրջիկները առեւանգելու յանցանքով արգելափակուած են ինը կասկածելիներ, որոնց մէջ կան լիբանանցիներ եւ այլ քաղաքացիութիւն ունեցող յանցագործներ:
Ներքին գործոց նախարարը հաստատեց, որ իրենք բոլոր տեղեկութիւններուն կը տիրապետեն` աւելցնելով սակայն, որ հետաքննութիւնը պիտի շարունակուի եւ ապա բոլոր փաստերը պիտի բացայայտուին:
Մարուան Շարպել նշեց, որ առեւանգողները գրեթէ կազմաւորուած աւազակախումբ են:
Ներքին գործոց նախարարը մերժեց յաւելեալ բացատրութիւններ տալ առեւանգուած էսթոնիացիներուն ազատ արձակումին մասին: Այս ծիրին մէջ պէտք է նշել, որ ոչինչ բացայայտուեցաւ նաեւ առեւանգողներուն մասին:
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ներքին ապահովութեան ուժերուն, Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանին եւ Էսթոնիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ հետեւեցաւ զբօսաշրջիկներուն ազատ արձակման մանրամասնութիւններուն: Զբօսաշրջիկներուն ազատ արձակումէն ետք, Էսթոնիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտեց, որ զբօսաշրջիկներուն ազատ արձակումը կատարուեցաւ Լիբանանի եւ այլ դաշնակիցներու գործակցութեան շնորհիւ:
Իր կարգին, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ դրուատեց էսթոնիացի զբօսաշրջիկներուն ազատ արձակումը` նկատել տալով, որ Ֆրանսա ճիգ չխնայեց այդ իմաստով` նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ էսթոնիական դեսպանատան չգոյութիւնը:
Ժիւփէ յայտնեց, որ Փարիզ մնայուն կերպով զօրակցեցաւ Էսթոնիոյ եւ բարձր գնահատեց զբօսաշրջիկները ազատ արձակելու նպատակով բոլոր կողմերուն ի գործ դրած ջանքերը:
Միւս կողմէ, արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ առեւանգուած էսթոնիացի զբօսաշրջիկներուն հարցը պիտի շարունակուի քննարկուիլ եւ «անցուկը մոռցուկ է»ի սկզբունքը կարելի պիտի չըլլայ գործադրել:
Նշենք, որ զինուորական ատեանի դատաւոր Ֆատի Սուուան երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00 ֆրանսական դեսպանատան մէջ հարցաքննեց զբօսաշրջիկները, որոնք տեղեկութիւններ փոխանցեցին զիրենք առեւանգողներուն, անոնց հաւատալիքներուն եւ մտայնութեան մասին, ինչպէս նաեւ շեշտեցին, որ ազատ արձակուելու պահուն ոչ մէկ սպառնալիքի ենթարկուած են` հերքելով այն լուրերը, թէ փրկագին վճարած են ազատ արձակուելու համար:
Նշենք, որ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոն երէկ այցելեց Պուսթրոս պալատ, ուր ընդունուեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի կողմէ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան էսթոնիացի զբօսաշրջիկներուն ազատ արձակումին վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Մեկնումի պահուն Փիեթոն յայտնեց, որ էսթոնիացի զբօսաշրջիկները լաւ են եւ հանգիստ` աւելցնելով, որ անոնք կը գտնուին ֆրանսական դեսպանատան մէջ` սպասելով իրենց տունդարձին:
Անդրադառնալով զբօսաշրջիկներուն ազատ արձակումին` Փիեթոն նշեց, որ անիկա բանակցութեան արդիւնք էր` աւելցնելով, որ Ֆրանսա գումակային օժանդակութիւն ցուցաբերեց այդ հարցին, որ էսթոնիական-լիբանանեան է: