Հրանուշ Յակոբեանին «Արի Տուն» Կանչը

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

IMG_6586Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին «Արի տուն» կանչն ու կոչը ունեցան դրական անդրադարձ նկատի առած ամառնային արձակուրդի` յուլիս-օգոստոս ամիսներուն դէպի Հայաստան երիտասարդական այցելութեան եռուզեռը:

Հայաստանի պատկերասփիւռը յաճախ հաղորդումներ կը յատկացնէ աւետելու համար ձեռնարկին յաջողութիւնը: Հ1-ի պաստառին վրայ կը տեսնենք դպրոցականներ, ուսանողներ, որոնք աշխարհի չորս ծագերէն այցելած են հայրենիք` բանակումի կամ ճամբարի մասնակցելու:

Երեքշաբթի, 26 օգոստոսին դիտեցինք այս յայտագիրը, ուր խումբ մը պարմաններ արտայայտեցին իրենց ուրախութիւնը, թէ տեսած են Հայաստանի սրբավայրերը, տեսարժան վայրերը, հիացած են հայրենիքին գեղեցկութեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին զիրենք հիւրընկալող ընտանիքներուն: Անոնք կը խօսէին ընդունելի հայերէնով, հազիւ երեք չորս հոգի, միւսները լուռ էին:

Իր կարգին, Հրանուշ Յակոբեան յորդորեց ներկաները, որ միշտ այցելեն Հայաստան, ուր կրնան սորվիլ եւ խօսիլ հայերէն: Ան շեշտեց օտար լեզուներու կարգին խօսիլ հայոց լեզուն: Հրանուշ  Յակոբեան եւս շնորհաւորեց այն հարիւր ընտանիքները, որոնք հիւրընկալեցին հարիւրաւոր ուսանողներ:

Մօտ եօթը տարիներէ ի վեր կը շարունակուի «Արի տուն» ծրագիրը, որ յաջողութեամբ կը պսակուի: Կը շնորհաւորենք սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը,  այս անխոնջ հայուհին, որ կը պահպանէ հայկական աւանդները եւ հայու ոգին կը ծաղկեցնէ նոր սերունդի հոգիներուն մէջ: Ան կառչած կը մնայ մեր արմատներուն` արժեւորելով հայկական ժառանգութիւնները «Արի տուն» կանչով:

Երանի թէ անոր կանչը լսէին նաեւ հայրենաթող մեր հայրենակիցները, որպէսզի շէն ու պայծառ մնար Հայաստան երկիր դրախտավայրը:

Share this Article
CATEGORIES