Մանչեսթըր Եունայթըտ Մէկ Տարուան Համար Մոնաքոյէն Փոխ Առաւ Ֆալքաոն
Ինչպէս ծանօթ է, երկուշաբթի, 1 սեպտեմբերին մարզիկներու ամառնային փոխանցումները աւարտեցան, ըստ ՖԻՖԱ-ին կողմէ սահմանուած օրէնքին: Փոխանցումներու դուռը կը վերաբացուի յառաջիկայ յունուարին:
Մանչեսթըր Եունայթըտ հաստատեց, որ փոխանցումներու վերջին օրը մէկ տարուան համար Մոնաքոյէն փոխ առաւ քոլոմպիացի յառաջապահ Ռատամել Ֆալքաոն: Յառաջիկային, երբ մէկ տարին աւարտի, Եունայթըտ կը մտածէ գնել Ֆալքաոն, անշուշտ եթէ երկու ակումբները իրարու հետ համաձայնին:
28 տարեկան Ֆալքաօ նախորդ տարի Աթլեթիքօ Մատրիտէն միացաւ Մոնաքոյի` փոխան 50 միլիոն եւրոյի:
Ան Մոնաքոյի հետ 20 մրցումի ընթացքին նշանակեց 11 կոլ:
CATEGORIES Մարզական

