Թուրքիոյ Մէջ Տասնեակներով Ոստիկաններ Ձերբակալուած Են` «Իշխանութիւնը Տապալելու Մտադրութեան» Մեղադրանքով

turkey-police-chief«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով թրքական լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ տասնեակներով ոստիկաններ ձերբակալուած են:

Մասնաւորաբար, երկրին մէջ ոստիկաններու շարքերուն մէջ ձերբակալութիւններու նոր ալիքի ծիրին մէջ 33 ոստիկաններու ձերբակալման հրաման արձակուած է: Նշեալ ոստիկաններուն շարքին է նաեւ ոստիկանութեան ելեւմտական բաժանմունքի նախկին պետը:

Ձերբակալուած ոստիկանները կը մեղադրուին «իշխանութիւնը տապալելու մտադրութեան համար»:

Յուլիսէն ի վեր կալանաւորուած են տասնեակներով այլ ոստիկաններ, որոնք կը մեղադրուին նախկին վարչապետ, այժմ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հեռաձայնը գաղտնալսելու, անոր դէմ դաւեր նիւթելու համար:

Կը նկատուի, որ վերջին ձերբակալութիւնները տեղի կ՛ունենան Ահմեթ Տաւութօղլուի` վարչապետի պաշտօնը ստանձնելուն լոյսին տակ:

 

Share this Article
CATEGORIES