Վրաստանի Մէջ Վրացական-Ազրպէյճանական Ռազմափորձեր
«Արմէնփրես»` յղում կատարելով «Նովոսթի Կրուզիա»-ին կը հաղորդէ, որ Վրաստանի ներքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը երէկ յայտնած է, որ Վրաստանի Քվեմօ Քարթլի շրջանի Եալկուջա զօրափորձարանին մէջ 5 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենան «Անվտանգ Կովկաս-2014» վրացական-ազրպէյճանական միացեալ ռազմափորձեր:
«Ռազմափորձերու նպատակը փրկարար ուժերու համակարգուած աշխատանքի բարելաւումն է երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան ու լայնածաւալ արտակարգ իրավիճակներու ժամանակ փոխադարձ օգնութեան վերաբերեալ Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կնքուած յուշագիրի ծիրին մէջ», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
CATEGORIES Միջազգային

