Ըստ «Ինտիփենտընթ»-ի. Մոհամետ Մարգարէի Գերեզմանը Թերեւս Քանդուի Եւ Անոր Աճիւնները Անյայտ Վայր Մը Փոխադրուին

0902_TombԸստ բրիտանական «Ինտիփենտընթ» օրաթերթին, Մոհամետ մարգարէի գերեզմանը կրնայ քանդուիլ եւ անոր աճիւնները անյայտ վայր մը կրնան փոխադրուիլ, ինչ որ կրնայ իսլամական աշխարհին մէջ սադրանք յառաջացնել:

Օրաթերթը կը նշէ, որ այս վիճելի առաջարկը մաս կը կազմէ սէուտցի ակադեմականի մը պատրաստած մէկ ուսումնասիրական թղթածրարին, որմէ օրինակներ բաժնուած են Մեքքայի մէջ Մոհամետ մարգարէի աճիւնները պատսպարող եւ տարուան ընթացքին միլիոնաւոր ուխտաւորներու այցելութեան վայր եղող Նապաուի մզկիթի պաշտօնատարներուն:

Օրաթերթը նաեւ կը նշէ, որ Մոհամետ մարգարէի գերեզմանը շրջապատող եւ շիիներու համար մասնայատուկ կարեւորութիւն ունեցող քարերը քանդելու կոչը իսլամական աշխարհին մէջ իրարանցում կրնայ ստեղծել:

Share this Article
CATEGORIES