Էրտողան Բռնագրաւուած Կիպրոս Այցելեց
«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 1 սեպտեմբերին այցելած է այսպէս կոչուած Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութիւն, ուր խօսելով կիպրական հարցին մասին` ըսած է, որ Թուրքիան ու «Թրքական Կիպրոս»-ը իրենց համբերութեան պտուղը տակաւին չեն կրցած քաղել:
Էրտողան անգամ մը եւս քննադատած է յոյներն ու Յունաստանի «յամառ» քաղաքականութիւնը, որուն պատճառով տակաւին կարելի չէ եղած, որ երկու կողմերուն համար ընդունելի եւ հաւասարութեան վրայ հիմնուած լուծում մը որդեգրուի: Էրտողան նաեւ սպառնացած է, որ կը սխալին բոլոր անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ այս ընթացքը յաւիտեանս այսպէս պիտի շարունակուի: Էրտողան` մաղթելով, որ մինչեւ հիմա վատնուած ճիգերը յումպէտս չեն վատնուիր, յիշեցուցած է, որ Թուրքիա Կիպրոսի հարցին մէջ երաշխաւոր երկիր է եւ այս հանգամանքով ալ անոր ձեռքը միշտ պիտի ըլլայ «Թրքական Կիպրոս»-ի վրայ:
Լրագրող մը հարցում մը ուղղած է Հէյպելիի յունական դպրեվանքին բացման մասին: Էրտողան պատասխանած է, որ դպրեվանքին բացումը այդքան ալ դժուար հարց մը չէ, կրնայ բացուիլ, սակայն ատոր փոխարէն յունական կողմն ալ պէտք է բաներ մը տայ թրքական կողմին: «Յունական կողմը միայն առնելու մասին կը մտածէ, քիչ մըն ալ տալու մասին չի մտածեր», ըսած է Էրտողան:
Նշենք, որ Յունաստան Էրտողանի բռնագրաւեալ Հիւսիսային Կիպրոս այցելութիւնը «ապօրինի» նկատեց:

