Նազարպայեւ. «Արեւմտեան Երկիրներու Եւ Ռուսիոյ Փոխադարձ Պատժամիջոցները Պիտի Ազդեն Նաեւ Ղազախստանի Զարգացման Վրայ»

Նուրսուլթան Նազարպայեւ

Նուրսուլթան Նազարպայեւ

ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ երեքշաբթի օր երկրի խորհրդարանի նիստին ընթացքին յայտարարած է, որ արեւմտեան երկիրներու եւ Ռուսիոյ սահմանած փոխադարձ տնտեսական պատժամիջոցները իրենց ազդեցութիւնը պիտի ունենան նաեւ Ղազախստանի վրայ:

«Խորհրդարանի նոր նստաշրջանը կը սկսի դժուար պայմաններու մէջ: Համաշխարհային տնտեսութեան մէջ անկայունութիւնը կը պահպանուի, կը խորանան աշխարհաքաղաքական վտանգները, ներառեալ` Ուքրանիոյ մէջ զարգացող իրադարձութիւններուն պատճառով միջազգային յարաբերութիւններու բարդացման լոյսին տակ», ըսած է Նազարպայեւ:

«Իրարու դէմ փոխադարձ պատժամիջոցներ սահմանած են պետութիւններ, որոնք կ՛արտադրեն ընդհանուր առմամբ համաշխարհային համախառն ներքին արտադրութեան 60 առ հարիւրը: Այս ամէնը լուրջ ճշգրտումներ, փոփոխութիւններ կ՛ենթադրէ ստեղծուած միջազգային տնտեսական յարաբերութիւններուն եւ աշխարհակարգին մէջ, անիկա պիտի առաջնորդէ մեր գործընկերներուն տնտեսական աճի անկման, ինչ որ պիտի ազդէ նաեւ մեր վրայ», աւելցուցած է ան:

Նազարպայեւ նաեւ ընդգծած է երկրին տնտեսութեան, ժողովուրդի բարեկեցութեան եւ ազգային անվտանգութեան համար հաւանական բացասական մարտահրաւէրները կանխարգիլելու միջոցներու ձեռնարկելու կարեւորութիւնը:

«Կարեւոր է խորհրդարանի եւ կառավարութեան համակարգուած աշխատանքը, որպէսզի ճիշդ ձեւով օգտուինք բացուող կարելիութիւններէն», եզրափակած է Ղազախստանի նախագահը:

Share this Article
CATEGORIES