«Ուքրանիոյ Ճգնաժամը Զինուորական Լուծում Չունի» Ըսաւ Քի Մուն

Պան Քի Մուն

Պան Քի Մուն

«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն` դիմելով արեւմտեան երկիրներու ղեկավարութեան, անգամ մը եւս ըսած է, որ Ուքրանիոյ ճգնաժամը զինուորական լուծում չունի:

«Կարեւոր է, որ անոնք գիտակցին, թէ այս իրավիճակին մէջ զինուորական լուծում չկայ: Քաղաքական լուծման համար անհրաժեշտ է քաղաքական երկխօսութիւն, ատիկա աւելի ողջմիտ ճամբայ է», յայտարարած է Քի Մուն` աւելցնելով, որ ինք մտահոգ է Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններով եւ պիտի փափաքէր խուսափիլ ճգնաժամի հետագայ ընթացքէն, որ «կը զարգանայ` վերածուելով շատ քաոսային եւ վտանգաւոր իրավիճակի»:

«Ատիկա ունի շրջանային եւ մինչեւ իսկ համաշխարհային հետեւանքներ: Ճիշդ այդ պատճառով ես կը դիմեմ ուքրանական եւ ռուսական իշխանութիւններուն` առաջարկելով միասին նստիլ եւ այդ հարցը լուծել խաղաղ ճամբով` երկխօսութեան միջոցով», ըսած է ան:

Եացենիուք. «Ռուսիա Խորհրդային Միութիւնը
Վերականգնելու Համար Պատերազմի Սկսած Է»

«Քորեսփոնտընթ» կայքը կը գրէ, որ Ուքրանիոյ վարչապետ Արսենի Եացենիուք «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ գրած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին մտադիր է լայնածաւալ պատերազմ հրահրել, որպէսզի վերականգնէ Խորհրդային Միութիւնը:

«Ժամանակն է իրերը իրենց անուններով կոչելու: Ռուսիան ու Վլատիմիր Փութինը պատերազմ հրահրած են: Ռուսական վարչակարգը կը կրէ Եւրոպայի մէջ պատերազմի, մեր մարդոց սպանութիւններուն, Խրիմը գողնալու, միլիոնաւոր ուքրանացիներ ծաղրի ենթարկելու պատասխանատուութիւնը: Եւ այդ ամէնը Խորհրդային Միութիւնը վերականգնելու ցանկութեան համար», գրած է Եացենիուք:

Ըստ Ուքրանիոյ վարչապետին, որեւէ կայսրութիւն ուժային ճամբով վերականգնելու փորձերը դատապարտուած են ձախողութեան: «Խորհրդային Միութիւնը քայքայուած է: Եւ ան, որ պիտի փորձէ վերականգնել որեւէ կայսրութիւն, պիտի իյնայ նոյնքան նուաստացուցիչ կերպով, ինչպէս իր նախորդները», աւելցուցած է Եացենիուք:

Ըստ անոր, ուքրանացի ժողովուրդը պէտք է իր յոյսը դնէ իր սեփական ուժերուն վրայ: Ան ինքնակազմակերպման կոչ ուղղած է:

«Ես համոզուած եմ` մենք պիտի անցնինք այս փորձութիւնները: Նախ եւ առաջ պէտք է յոյս դնել սեփական ուժերուն վրայ: Ամբողջ ուքրանացի ժողովուրդի ինքնակազմակերպում: Պայքար իւրաքանչիւր վայրի մէջ, ով ուր ալ ըլլայ: Եւ օգնութիւն ճակատին», գրած է ուքրանացի վարչապետը:

Քրեմլին Կը Մեկնաբանէ Փութինի
«
Ես Երկու Շաբթուան Մէջ Քիեւը
Պիտի Գրաւեմ» Խօսքը

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Քրեմլին մեկնաբանած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի մէկ օր առաջ կատարած այն յայտարարութիւնը, թէ եթէ փափաքի, ինք երկու շաբթուան մէջ պիտի գրաւէ Քիեւը:

Յայտարարութեան մասին յայտնած էր Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժոզէ Մանուէլ Պարոզօ, որուն հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին այս յայտարարութիւնը կատարած էր Փութին: Վերջինս այդպէս արտայայտուած էր, երբ Պարոզօ անոր հարց տուած էր, թէ արդեօք ճի՞շդ են տեղեկութիւնները Ուքրանիոյ մէջ ռուսական զօրքի գոյութեան մասին:

Ռուսիոյ նախագահը օգնական Եուրի Ուշաքով յայտնեց, որ այդ արտայայտութիւնը դուրս բերուած է ընդհանուր բովանդակութենէն: Բացի ատկէ, Քրեմլին քննադատած է Պարոզոյի վարմունքը` դիւանագիտութեան մարզի անգիր կանոններէն դուրս գործելուն համար:

Share this Article
CATEGORIES