«Ռուսիան Այլեւս Եւրոպական Միութեան Ռազմավարական Գործընկերը Չէ» Կ՛ըսէ Մողերինի

Ֆետերիքա Մողերինի
«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆետերիքա Մողերինի, որ ներկայիս կը վարէ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատարի պաշտօնը, այդ պաշտօնին վրայ նշանակուելէ ետք իր առաջին հարցազրոյցին մէջ յայտարարած է, որ ինք Ռուսիոյ հետ Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւնները այլեւս գործընկերային չի նկատեր:
Մողերինի իտալական «Քորիերէ տելլա Սերա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին խօսելով Եւրոպական Միութիւն-Ռուսիա գործընկերութեան մասին յայտնած է. «Այդ գործընկերութիւնը այլեւս գոյութիւն չունի: Ներկայ պահուս Ռուսիան այլեւս ռազմավարական գործընկեր չի հանդիսանար»:
Մողերինի Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար նշանակուած էր շաբաթ օր` Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպական Միութեան վեհաժողովի ժամանակ: Ան այդ պաշտօնը պիտի ստանձնէ 1 նոյեմբերին:

