Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄՈՒՍԹԱՖԱ Հիպրի զոհ գնաց եւ երկու ուրիշներ վիրաւորուեցան երէկ, երբ Պեքաայի Պար Էլիաս շրջանին մէջ, մազոթի պահեստարան մը կը նորոգուէր: Վիրաւորներէն մէկը անդամ է հրշէջներու խումբին, որ փութացած էր դէպքին վայրը:

ՑԱՐԴ ոչ մէկ դիմում ներկայացուած է Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութեանց թեկնածութեան, յայտնած են ներքին գործոց նախարարութեան աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» թերթին:

ԵՐԷԿ ուշ երեկոյեան երեսփոխան Զահրաման իմացաւ, թէ «Տէ. Էն. Էյ.»-ի քննութեանց արդիւնքներուն համաձայն, բանակին յանձնուած նահատակ զինուորականին ինքնութիւնը կը համապատասխանէ առեւանգեալ բանակային Ալի Սայէտի ինքնութեան:

ԵՐԷԿ ռումբ մը արձակուեցաւ անծանօթներու կողմէ` Սայտայի Միէ Միէ գաղթակայանի մէկ անցարգելին առջեւ:

ԵՐԿՈՒ անծանօթներու կողմէ նորածին մը թաղուած գտնուեցաւ երէկ Թրիփոլիի Պապ Ռամլ շրջանին գերեզմանատան մէջ:

ԵՐԿՈՒ սուրիացիներ ձերբակալուեցան երէկ ապահովութեան ուժերու կողմէ` Նապաթիէի մէջ: Անոնք իրենց հետ կը կրէին ՏԱՀԵՇ-ի վերաբերող նկարներ:

ԵՐԷԿ երեկոյ հրդեհ մը ծագեցաւ Սին էլ Ֆիլի կանաչեղէնի շուկային եւ «Ֆիուչըր Թի. Վի.»-ի կեդրոնին միջեւ գտնուող շրջանին մէջ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES