Ստեփանակերտի Մէջ Նշուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Անկախութեան 23-Ամեակը
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 23-րդ տարեդարձին մասնակցելու նպատակով Հայաստանէն եկած պաշտօնական պատուիրակութեան, արցախահայութեան եւ արտերկրէն եկած հիւրերու հետ Վերածնունդի հրապարակէն հանդիսաւոր քայլերթով այցելեցին Ստեփանակերտի յուշահամալիր:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան յարգանքի տուրք մատուցեց Ղարաբաղի անկախութեան համար զոհուած հայորդիներու յիշատակին, ծաղիկներ զետեղեց Արցախի Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի եւ ղարաբաղեան պատերազմի նահատակներու շիրիմներուն:
Նախագահ Սարգսեանի Շնորհաւորական Ուղերձը
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան տօնին առիթով:
Ուղերձին մէջ մասնաւորապէս ըսուած է. «Սիրելի՛ արցախցիներ, կը շնորհաւորեմ ձեզ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան տօնին առիթով: Արցախի ժողովուրդին պատմական ընտրութիւնը այլեւս անշրջելի իրականութիւն է: Ամբողջ հայութեան աջակցութեամբ, եւ նախ եւ առաջ ձեր անկոտրում կամքի, ձեր գերմարդկային ջանքերուն եւ ճիգերուն շնորհիւ, ինչպէս նաեւ մեծագոյն զոհողութիւններու գնով, դուք ստեղծեցիք եւ կայացուցիք պետականութիւն:
«Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը այսօր հպարտօրէն կրնայ կանգնիլ աշխարհի բոլոր այն երկիրներուն շարքին, որոնք շահեկանօրէն կը տարբերին իրենց կազմակերպուածութեամբ, հզօր բանակով եւ պետական կուռ կառոյցներով: Արցախի մէջ ժողովրդավարութեան խորացումը, մշակութային եւ կրթական վերելքը, ինչպէս նաեւ տնտեսական աճի կշռոյթները միայն մեզ չեն տպաւորեր: Արցախը ե՛ւ իրեն, ե՛ւ աշխարհին արդէն ապացուցած է, որ կայացած եւ ծաղկուն պետութիւն ըլլալու համար ունի հզօր քաղաքակրթական պաշար:
«Մեզի պարտադրուած պատերազմը եւ սահմաններու երկայնքին իրականացուող պարբերական սադրանքները ոչինչ են այն հզօր ոգիին համեմատութեամբ, որ կ՛առաջնորդէ արցախցին եւ ամբողջ հայութիւնը:
«Սիրելի՛ հայրենակիցներ, կրկին կը շնորհաւորեմ բոլորս այս մեծ տօնին առիթով: Կը մաղթեմ խաղաղ երկինք եւ յառաջընթաց»:

